Ուրբաթ, 7 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 10,30ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը աշխատանքային գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի վեց պատրիարքներ որոնց շարքին՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը, Մարոնիներու Անտիոքի Պատրիարք կարդինալ Պշարա Ռային,, Բաբելոնի Քաղդէացիներու Պատրիարք՝ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ, Աղեքսանդրիոյ Ղպտիներուն Պատրիարք՝ Գերերջանիկ Իպրահիմ Իսաաք Սեթրաք, Անտիոքի Ասորիներու Պատրիարք՝ Գերերջանիկ Եուսէֆ Գ Եունան եւ Անտիոքի Յոյն Մելքիթներու Պատրիարք՝ Գերերջանիկ Եուսէֆ Ապսի:
Հանդիպումի ընթացքին Քահանայապետը պատրիարքներուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ տառապող ժողովուրդներուն ի սպաս կաթողիկէ եկեղեցիներուն առաքելութեան պայմանները:
Նշենք թէ Նորին Սրբութիւնը ՝ Պատրիարքներուն հետ աւելի լայն մասնակցութեամբ նման հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ 2017 թուականին. անոնց հետ բաժնեկցելով անոնց հովուական խնամակալութեան հայող ցաւերն ու ուրախութիւնները։