Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Իրաքցի ուխտաւորներուն «դուք ճակատամարտի դաշտ էք, կ՝աղօթեմ ձեզի համար:»

Ֆրանչիսկոս Պապ «Իրաք այցելութեանս ծրագիրը այս տարուան իմ օրակարգիս մաս կը կազմէր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 26 փետրուարին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող արաբախօս ուխտաւորներուն:

Ունկնդրէ լուրը

«Կ՝ողջունեմ եւ բարի գալուստ կը մաղթեմ արաբախօս ուխտաւորներուն, յատուկէն Սուրիայէն, Եգիպտոսէն, Միջին արեւելքէն, մասնաւորաբար Իրաքէն  ժամանած»  ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ: Ան  ապա խօսքը ուղղելով իրաքցի ուխտաւորներուն ըսաւ.

«Դուք Իրաքի քաղաքացիներ, ձեզի շատ մօտիկ եմ: Դուք ճակատամարտի դաշտ մըն էք կը տառապիք պատերազմի հետեւանքով: Կ՝աղօթեմ ձեզի համար, կ՝աղօթեմ ձեր երկրին մէջ խաղաղութեան համար, որուն այցելութիւն պիտի տայի այս տարի եւ այդ այցելութեան  ծրագիրը այս տարուան  իմ օրակարգին մաս կը կազմէր», ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ իրաքէն ժամանած ուխտաւորներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2020, 11:47