Որոնել

«Արուեստական բանականութիւնը» «Արուեստական բանականութիւնը» 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Կեանքի Ակադեմիայի» ընդհանուր ժողովին մասնակցողներուն։

«Արուեստական բանականութիւնը» միշտ աւելիով մաս կը կազմէ կեանքի առօրեային ու մեծ ազդեցութիւն ունի աշխարհը ու մենք մեզ ճանչնալու կերպին վրայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ուրբաթ՝ 28 փետրուարին օրակարգին մէջ նախատեսուած էր Կեանքի Քահանայապետական Ակադեմիայի տարեկան լիագումար նիստի անդամներուն հետ հանդիպումը, որուն Սրբազան Պապը չի կարողացաւ մասնակցիլ մեղմ անհանգստութեան պատճառաւ։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ Նորին Սրբութեան պատրաստած Ճառը՝ որուն կեդրոնական նիւթն էր «Թուային» աշխարհը, ի տես Ակադեմիայի ընդհանուր հաւաքի նիւթին «Արուեստական բանականութիւն», ընթերցուեցաւ Ակադեմիայի նախագահ՝ գերապայծառ Վինչենցօ Փալիայի կողմէ։

Ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ՛ակնարկէ աշխարի մէջ  ապրուած յեղաշրջումներուն ու յատկապէս թուային աշխարհին բերած նորութիւններուն,  որոնց ծիրէն ներս մասնաւորապէս «Արուեստական բանականութիւնը», որ միշտ աւելիով մաս կը կազմէ կեանքի առօրեային ու մեծ ազդեցութիւն ունի աշխարհը ու մենք մեզ ճանչնալու կերպին վրայ։

«Սոյն զարգացումը խոր փոփոխութիւններ կը բերէ կենդանի էակները մեկնաբանելու եւ կառավարելու գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ մարդկային կեանքի յատկանիշները կառավարելու մէջ, կեանք զոր  պարտաւորութիւնն ունինք պաշտպանել և խթանել, ոչ միայն իր բաղադրիչ կենսաբանական հարթութիւններով, այլեւ անոր անփոխարինելի կենսագրական որակով» կը նշէ Սրբազան Պապը, շնորհակալութիւն յայտնելով Կեանքի Ակադեմիայի տարիներու ընթացքին ձեռք բերած մեծ գործունէութեան համար՝ իրենց այդ աշխատանքին մէջ  ներգրաւելով նաեւ միջազգային համբաւ ունեցող գիտնականներ, արդիւնաբերութեան ու քաղաքական աշխարհի մաս կազմող անձնաւորութիւններ։

Սրբազան Պապը այս ուղղութեամբ կը շեշտէ ապա երկխօսութեան ու գաղափարներու փոխանակման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կրթական համակարգ մը ստեղծելու հարկաւորութիւնը, որպէսզի բարոյականութեան լոյսին  տակ լաւապէս դիմագրաուուին «արուեստական բանականութեան» ներմուծած նորութիւնները։

Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւնը կը նշէ թէ Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան սկզբունքները կարող են մեծապէս սատարել այդ գործին՝ անոնց շարքին նշելով. Մարդուն արժանապատուութիւնը, արդարութիւնը, մերձակցութիւնն ու զօրակցութիւնը, որոնք կ՛արտայայտեն յանձնառումը՝ ծառայելու իւրաքանչիւր անձի՝ առանց բացառումի կամ խտրականութեան։

Քահանայապետը ճառը կ՛աւարտէ քաջալերելով ներկաները յարատեւելու իրենց յանձնառումին մէջ՝ ի նպաստ մարդկային ընտանիքին ու անոնց վրայ հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը եւ Աստուածային օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2020, 12:50