Որոնել

«Միջերկրականը խաղաղութեան սահմանագիծ» «Միջերկրականը խաղաղութեան սահմանագիծ» 

«Միջերկրականը խաղաղութեան սահմանագիծ» բնաբանով եպիսկոպոսներու հանդիպումի ներկայացումը։

Հանդիպումին կը մասնակցին Միջերկրականի հետ կամ ունեցող 58 Պատրիարքներ ու եպիսկոպոսներ որոնց շարքին է Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 15 փետրուար 2020-ին կէսօրին Պարի քաղաքի Սուրբ Նիկողայոս անուամբ եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է մամլոյ ասուլիս՝ ներկայացնելու համար «Միջերկրականը խաղաղութեան սահմանագիծ» բնաբանով խոկումի եւ հոգեւորականութեան օրերը, որոնք տեղի պիտի ունենան 19էն 23 փետրուարին, Պարիի մէջ եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Միջերկրականի հետ կամ ունեցող 58 Պատրիարքներ ու եպիսկոպոսներ,  որոնց շարքին է նաեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Գրիգոր Պետրոս Ի, «կարեւորելու համար, ծովու տարբեր ափերու վրայ պատահարները ու զարկ տալու բաժնեկցուած տեսութեան ու գործնական համագործակցութեան մը», ինչպէս յայտնած է  վերոնշեալ հաւաքին նախաձեռնողներէն՝  Իտալիոյ եպիսկապոսներու համահաւաք դասի նախագահը՝ Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթին։

Ունկնդրէ լուրը

23 փետրուարին Ֆրանչիսկոս Պապն ալ պիտի միանայ ժողովականներուն, եզրափակելու համար ձեռնարկը։

Քահանայապետին Պարի ժամանումը նախատեսուած է 23 փետրուարի առաւօտեան ուր Ան Քաղաքի Սուրբ Նիկողայոս Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ պիտի հանդիպի ժողովականներուն անոնց ուղղելով իր պատգամը ու հանդիպումի աւարտին պիտի մեծարէ Սուրբ Նիկողայոսին մասունքները։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ պատարագ պիտի մատուցէ «Վիթթորիօ Էմմանուելէ» անուամբ պողոտայի տարածքին վրայ, ու նոյն վայրէն պիտի արտասանէ կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը։

Վերոնշեալ ձեռնարկի ներկայացումը կը կատարեն Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Ընդհանուր Քարտուղար Գերապայծառ Սթեֆանօ Ռուսսօ, Պարի Պիթոնթօ թեմին արքեպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Քաքուչչի, Փուլիա նահանգի Նահանգապետ Տիար Միքելէ Էմիլիանօ եւ Պարիի քաղաքապետ Անթոնիօ Տէքարօ։

12 Փետրուարին Հռոմի մէջ տեղի ունեցած այլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Կարդինալ Պասսեթթին նշած էր որ «Հաւաքը ունի սիւնհոդոսական բնոյթ ուր առիթ պիտի տրուի իւրաքանչիւրին խօսելու ազատ օրէն ու եղբայրական մթնոլորտի մէջ՝ Սուրբ Հոգւոյն հովանիին ներքոյ»։ Մինչ խօսելով հաւաքի նպատակակէտի մասին Կարդինալ Պասսեթթին յայտնած է թէ  «Միջերկրականը պէտք է դարձեալ դառնայ  քաղաքակրթութիւններու հանդիպումի վայր, վայր քրիստոնէութեան զարգացումին ու խաղաղութեան սահմանագիծ»։

« Բազմաթիւ անարդարութիւններ կը կատարուին Միջերկրականի ափերուն վրայ, կան պատերազմներ, յետին աղքատութիւն, գաղթականներ…ու այս բոլորին համար հարկաւոր է որ Եկեղեցին տայ հովուական պատասխան։ Պատասխան որ կը սկսի աղօթքէն» յայտնած է միշտ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին նախագահը, մինչ Պարիի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Քաքուչչի բացատրած է թէ հաւաքի վայր ընտրուած է Պարի քաղաքը, որովհետեւ ան Արեւելիքի, Արեւմուտքի ու միջերկրականի միջեւ կամուրջ մըն է, ու Սուրբ Նիկողայոսը, Սուրբ Կոյսէն ետք, աշխարհի մէջ ամենէ շատ մեծարուած սուրբն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2020, 09:58