Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի փետրուար, մարտ, ապրիլ ամիսներուն նախագահելիք արարողութիւններուն օրակարգը:

Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու գրասենեակը հրապարակեց փետրուար, մարտ, ապրիլ ամիսներուն Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ արարողութիւններուն օրակարգը:

Չորեքշաբթի, 12 փետրուարին, Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններուն գրասենեակը լոյս ընծայեց ,Ֆրանչիսկոս Պապին 2020 թուականին ,փետրուար, մարտ, ապրիլ ամիսներուն նախագահելիք արարողութիւններուն յայտագիրը, որուն համաձայն

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 26 Փետրուար-ին,  ըստ լատինաց ծէսին, օր մոխրոց է, որով սկիզբ կ՛առնէ քառասնորդացի պահքի շրջանը։

Այս առթիւ, աւանդութեան համաձայն, Հռոմի ''Aventino'' շրջանի մէջ գտնուող, ''Սանթա Սապինա'' անուամբ Տաճարին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 4.30-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը նախագահէ Մոխրոց օրուայ արարողութեան, որ սկիզբ կ՛առնէ ''ապաշխարութեան'' թափօրով` Սանդ Անսելմօ եկեղեցիէն ուղղուելով դէպի Սանթա Սապինայի պազիլիքայ, մասնակցութեամբ կղերական դասին, Կարդինալներուն ու եպիսկոպոսներուն որմէ ետք, Սրբազան Քահանայապետը Սանթա Սապինա Պազիլիքայի մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին կը կատարուի նաեւ մոխրոց օրհնութիւնն ու հաւատացեալներուն գլուխներուն վրայ զետեղումը:

Կիրակի 1 մարտին,   առաջին կիրակին քառասնորդաց, Հռոմի արուարձանները գտնուող Արիչա գիւղաքաղաքին մէջ  սկիզբ կ՝առնէ Քառասնորդացի շրջանի առթիւ կազմակերպուած հոգեւոր կրթութիւնը, մասնակցութեամբ ֆրանչիսկոս Պապին եւ Հռոմի Քուրիայի անդամներուն: Հոգեւոր կրթութիւնը վերջ կը գտնէ 6 մարտին:

Ուրբաթ, 20 մարտին, յետմիջօրէին ժամը 5-ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ ապաշխարութեան արարողութեան:

Կիրակի 5 ապրիին, Ծաղկազարդի տօնի օրը, առաւօտեան ժամը 10,00ին, Սուրբ Պետրոս տաճարէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ Յիսուսի Երուսաղեմ մուտք գործելու ոգեկոչման սուրբ Պատարագի արարողութեան:

Հինգշաբթի, 9 ապրիլին, աւագ հինգշաբթի օրը, առաւօտեան 9,30ին, Ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ միւռոնօրհնէքի Սուրբ Պատարագի օրհնութեան:

Ուրբաթ, 10 ապրիլին, Աւագ ուրբաթ օր, Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս, յետմիջօրէին 5-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ Յիսուսի Խաչելութեան եւ չարչարանքի ժամասացութեան,  հուսկ՝ երեկոյեան ժամը 9,15ին, Հռոմի Քոլոսէօ ամփիթատրոնէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահ Ճանապարհ խաչի ջերմեռանդական արարողութեան

Շաբաթ, 11 ապրիլին, աւագ շաբաթ օր, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ երեկոյեան ժամը 8,30ին կը նախագահէ Սուրբ Զատկուայ ճրագալոյցի սուրբ Պատարագի արարողութեան:

կիրակի 12 ապրիլին Յիսուսի Սուրբ Յարութեան տօնին օրը, առաւօտեան ժամը 10,00ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ Սուրբ Պատարագին:Ապա կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին կեդրոնական պատշգամէն  փոխանցէ իր Urbi et Orbi օրհնութեան խօսքը:

Կիրակի, 19 ապրիլին, Սուրբ Զատկուայ Բ կիրակի,առաւօտեան ժամը 10,30ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը նախագահէ Աստուածային ողորմածութեան Սուրբ Պատարագին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2020, 12:40