Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

«Դուք էք երկրի աղը եւ աշխարհի լոյսը».Քահանայապետին 9 փտրուարի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ, որպէսզի մարդոց միջեւ ըլլանք աղ եւ լոյս, բոլորին՝ կեանքով ու խօսքով տանելով, Աստուծոյ սիրոյ Բարի Լուրը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 9 փետրուար 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած աւանդական Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Մատթէոս (Մատթ. 5, 13-16) Աւետարանէն քաղուած օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կ՛ըսէ «Դուք է երկրի աղը… Դուք էք աշխարհին լոյսը»։ 

Յիսուս խորհրդանշական լեզու կ՛օգտագործէ, իրեն հետեւիլ ուզողներուն համար  ցոյց տալու՝  աշխարհի մէջ առաքելութիւնը ապրելու չափանիշերը։ 

Ունկնդրէ լուրը

Աղը այն տարրն է որ համ կու տայ ու սնունդը  կը պահպանէ ապականութենէ։ Աշակերտը առ այդ կանչուած է ընկերութենէն հեռու պահելու վտանգները ու  քայքայիչ մանրէները, որոնք կ՛ապականեն մարդոց կեանքը։ Այս կը նշանակէ դիմադրել մեղքին, բարոյական անկումին, վկայելով ազնուութեան եւ եղբայրութեան արժէքները, առանց իյնալու աշխարհի հրապոյրներուն մէջ, ինչպէս են իշխանութիւնն ու հարստութիւնը։ Աղ է այն աշակերտը որ հակառակ առօրեայի ձախողութիւններուն կը վերականգնի իր սխալներու փոշիներու ընդմէջէն, քաջութեամբ ու համբերութեամբ վերստին սկսելով փնտռել երկխօսութիւնը եւ ուրիշի հետ հանդիպումը։ 

Աղ է այն աշակերտը որ կը փորձէ ըլլալ հեզ եւ կառուցողական ներկայութիւն, հաւատարիմ մնալով Յիսուսի ուսուցումներուն, որ եկաւ աշխարհ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու։ «Յատկութիւն մը որուն մեծ կարիքը կայ այսօր», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով Յիսուսին ներկայացուցած երկրորդ պատկերին «Դուք աշխարհին լոյսն էք»։ Լոյսը կը փարատէ խաւարը ու թոյլ կու տայ տեսնել։  Յիսուս լոյսն է, որ ցրուեց խաւարը, թէեւ ան կը շարունակէ մնալ աշխարհի ու մարդոց մէջ։ Քրիստոնեային պարտականութիւնն է զայն փարատել,  ցոլացնելով  Քրիստոսին լոյսը ու հռչակելով  Անոր Աւետարանը։ Անոր սփռումը կախեալ է մեր խօսքերէն բայց եւ յատկապէս նաեւ մեր բարի գործերէն» դիտել տուաւ Քահանայապետը հաստատելով որ «աշակերտ մը ու քրիստոնեայ հասարակութիւն մը աշխարհի լոյսն են երբ միւսները կը տանին Աստուծոյ, օգնելով իւրաքանչիւրին փորձարկելու Աստուծոյ բարութիւնն ու ողորմածութիւնը»։ 

Յիսուսին աշակերտը լոսն է աշխարհին երբ գիտէ իր սեփական հաւատքը ապրիլ սահմանափակ տարածքներէն անդին, երբ կը սատարէ անհետացնելու նախապաշարումները, սուտերը, ու կը ջանայ ճշմարտութեան լոյսը ներմուծել կեղծաւորութենէ ու սուտէ խեղաթիւրուած  իրադարձութիւններուն մէջ։ 

Յիսուս մեզ կը կոչէ չի վախնալու աշխարհի մէջ ապրելէ, նոյնիսկ եթէ այնտեղ յաճախ կը հանդիպինք հակամարտութեան ու մեղքի պայմաններուն։

Բռնութեան, անարդարութեան ու ճնշումներու դիմաց Եկեղեցին չի կրնար ինքնիր մէջ փակուիլ ու պահուըտիլ իր ցանկապատի ապահովութեան մէջ։ Ան չի կրնար զանց ընել իր աւետարանութեան  ու ծառայութեան  առաքելութիւնը։ Եկեղեցին վեհանձնութեամբ ու քնքշութեամբ կը նուիրուի փոքրերուն ու աղքատներուն, կ՛անսայ յետիններուն ու բացառուածներուն աղաղակին, որովհետեւ գիտակից է թէ ինք ուխտաւոր հասարակութիւն մըն է, որ կանչուած է պատմութեան մէջ շարունակելու Յիսուս Քրիստոսի փրկարար ներկայութիւնը։ 

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ, որպէսզի մարդոց միջեւ ըլլանք աղ եւ լոյս, բոլորին՝ կեանքով ու խօսքով տանելով, Աստուծոյ սիրոյ Բարի Լուրը։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2020, 12:07