Որոնել

1582711946376.JPG

«Մոխրոց օր. Քառասնորդաց, մուտք անապատի մէջ» Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Անապատը այն վայրն է որ մեզ կը հեռացնէ մեզ շրջապատող ժխորէն, տեղ տալու համար Աստուծոյ Խօսքին։ Ան վայրն է Աստուծոյ Խօսքին: Քառասնորդացը առ այդ ժամանակաշրջանն է տեղ տալու Աստուծոյ խօսքին։ Մարելու հեռուստատեսիլը ու բանալու Աստուածաշունչը. մարելու բջիջային հեռաձայնները ու կապուելու Աւետարանին հետ։

 «Եւ Յիսուս Սուրբ Հոգով լի վերադարձաւ Յորդանանից. եւ Հոգով անապատ առաջնորդուեց  ու քառասուն օր փորձուեց սատանայից: Չկերաւ եւ չխմեց այն օրերին. եւ երբ քառասուն օրերը լրացան, քաղց զգաց» (Ղուկաս 4,1):

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 26 փետրուար 2020ին ըստ լատինաց օր մոխրոց է։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած  չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային անունկնդրութեան որպէս խորհրդածութեան նիւթ ընտրեց քառասնորդացի ուղեւորութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր՝ այսօր կը սկսինք  քառասնորդաց շրջանը՝ ժամանակ որուն ընթացքին պիտի հետեւինք Յիսուսին,  որ 40 օրեր քաշուեցաւ անապատ ու փորձուեցաւ սատանայէն»։ 

Անապատը այն վայրն է որ մեզ կը հեռացնէ  մեզ շրջապատող ժխորէն, տեղ տալու համար Աստուծոյ Խօսքին։ Անապատի մէջ շրջապատուած ենք լրութեամբ։ Ան վայրն է Աստուծոյ Խօսքին, ուր Տէրը կը սիրէ խօսիլ, եւ ուր մենք կը գտնենք Անոր հետ մտերմութիւնը։ Անապատին մէջ է որ Աստուած Մովսէսին յանձնեց տասը պատուիրանները։ Յիսուս եւս կը սիրէր քաշուիլ ամայի վայրեր՝ աղօթելու համար (Ղուկաս 5, 16)։ Եւ Ան մեզի սորվեցուց ուր եւ ինչպէս փնտռել Հայրը՝ որ մեզի կը խօսի լռութեան մէջ։ 

Քառասնորդացը առ այդ ժամանակաշրջանն է տեղ տալու Աստուծոյ խօսքին։ Մարելու հեռուստատեսիլը ու բանալու Աստուածաշունչը։ Ժամանակն է մարելու բջիջային հեռաձայնները ու կապուելու Աւետարանին հետ։.

Ժամանակն է հրաժարելու անիմաստ խօսքերէն, շատախօսութիւններէն, բամբասանքներէն, ու դիմելու Տիրոջ ։ Ժամանակն է նուիրուելու սրտի առողջ բնապահպանութեան։ 

Յիսուս մեզ կոչելով անապատ՝ կը հրաւիրէ ուշադիր ըլլալու իր խօսքերուն։ Ան փորձիչ սատանային կը պատասխանէ. «Մարդս միայն հացով չապրիր, այլ ամէն մէկ խօսքով որ  Աստուծոյ բերնէն կ՛ելլէ» (Մատթ 4,4)։ 

«Արդարեւ մենք հացի պէս ու հացէն աւելի կարիքը ունինք Աստուծոյ խօսքին։ Կարիքը ունինք խօսելու Աստուծոյ հետ՝ աղօթելու» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով ջանք դափել եւ ունկնդրել Անոր ձայնը. Ձայնը խղճին ու բարութեան։ 

«Անապատը կը կարեւորէ  մեր սրտի հակումներն ու երկակիութիւնը։ Անիկա մահուան վայր  չէ՝ այլ կեանքի, որովհետեւ Աստուծոյ հետ լրութեամբ երկխօսութիւնը մեզի կեանք կը պարգեւէ» հաստատեց հուսկ Սրբազան Պապը մատնանշելով որ անապատը է նաեւ վայր էականին, ուր մենք կը սորվինք հրաժարիլ ունայն եւ մակերեսային  բաներէ ու փնտռել աւելի պարզ կեանքի մը գեղեցկութիւնը ու վերագտնել նաեւ մեր շուրջ գտնուող անձերուն դիմագիծերը։  Ծոմ պահել կը նշանակէ հրաժարիլ ունայն բաներէ ու դիմել էականին։ 

Անապատը է նաեւ  առանձնութեան վայր։ Այսօր մեր շուրջ եւս կան բազմաթիւ անապատներ։ Անոնք միակ ու լքուած մարդիկն են։  Եւ անապատը մեզ կը մղէ երթալու անոնց ընդառաջ, անոնց որոնք լրութեան մատնուած են ու լրութեան մէջ մեր օգնութիւնը կը հայցեն։ 

Անապատի մէջ քառասնորդացի ուղեւորութիւնը սիրոյ ուղեւորութիւն է։ 

Աղօթք, ծոմապահութիւն եւ ողորմութեան արարքներ՝ ահա այս է ճանապարհը քառասնորդացի անապատին մէջ։  Քաջութիւն ուրեմն Յիսուսին հետեւինք անապատին մէջ՝ Անոր հետ միասին մեր բոլոր անապատները պիտի ծաղկին։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2020, 09:42