Որոնել

Հրապարակային Ունկնդրութիւն Հրապարակային Ունկնդրութիւն 

Հրապարակային Ունկնդրութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տուաւ Երանութիւններու մասին խորհրդածութիւններու նոր շարքի մը։

Երանութիւնները կը լուսաւորեն քրիստոնէական կեանքը՝ անոնք քրիստոնեաներու «անձնագիրն» են։

Տեսնելով ժողովուրդը՝ լեռը ելաւ։ Երբ նստաւ հոն, իր աշակերտները քովը գացին. իր բերանը բանալով կը սորվեցնէր անոնց ու կ’ըսէր.

''Երանի Հոգիով աղքատներուն որովհետեւ անոնց է երկնքի արքայութիւնը։ Երանի սգաւորներուն որովհետեւ անոնք պիտի մխիթարուին։Երանի հեզերուն որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը։ Երանի անոնց որ քաղցն ու ծարաւն ունին արդարութեան` որովհետեւ անոնք պիտի յագենան. Երանի ողորմածներուն որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն Երանի անոնց որ սրտով սուրբ են որովհետեւ Աստուած պիտի տեսնեն։ Երանի խաղաղարարներուն որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին։ Երանի անոնց որ արդարութեան համար կը հալածուին որովհետեւ անոնց է երկնքի արքայութիւնը։ Երանի ձեզի երբ ձեզ նախատեն երբ ձեզ հալածեն կամ զրպարտեն ամէն տեսակ չարախօսութիւններով իմ պատճառովս, ցնծացէք եւ ուրախացէք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ պիտի ըլլայ երկնքի մէջ։ Այսպէս հալածուեցան ձեր նախորդները մարգարէները''։

Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 29 Յունուար 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ ան սկիզբ տուաւ խորհրդածութիւններու նոր շարքի մը կեդրոնացած Յիսուսի «Երանութիւններու» վրայ։

«Այսօր կը սկսինք Մատթէոսի Աւետարանի Երանութիւններու մասին  խորհրդածութիւններու նոր շարք մը (Մատթ. 5, 1-11),  որ նախաբանն է «Լեռան քարոզին», որ լուսաւորեց բազմաթիւ հաւատացեալներուն ու նաեւ ոչ հաւատացեալներուն կեանքը», ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով որ այդ բառերը կը պարունակեն քրիստոնեաներու «անձնաթուղթը», որովհետեւ կ՛ուրուագծեն Յիսուսին նոյնինքն դիմագիծը եւ անոր ապրելակերպը։

Սրբազան Քահանայապետը առ այդ նշեց թէ յաջորդ խորհրդածութիւններու ընթացքին պիտի անդրադառնայ իւրաքանչիւր «Երանութեան» մասին նշելով, որ այդ երանութիւններու պատգամը ուղղուած էր աշակերտներուն  եւ անոնց միջոցաւ համայն մարդկութեան։

«Յիսուս նոր օրէնք մը կը սորվեցնէ՝ ըլլալ աղքատ, ըլլալ հեզ, ըլլալ ողորմած…Նոր պատուիրաններ, որոնց մասին խօսելով Յիսուս կը բացայայտէ երջանկութեան ուղին, ութը անգամ կրկնելով Երանի բառը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ամէն մէկ Երանութիւն կազմուած է երեք մասերէ։ Առաջինը Երանի բառն է ապա կու գայ իրավիճակը որուն մէջ կը գտնուին երանիները՝ հոգիով աղքատութիւնը,  սուգը,  արդարութեան անօթութիւնն ու ծարաւը…հուսկ երանութեան պատճառը՝ որ ներկայացուած է «որովհետեւ» շաղկապով,  որով ցոյց կը տրուին նոր պայմանները որոնց մէջ պիտի գտնուին երանիները՝ անոնցն է երկնքի թագաւորութիւնը, մխիթարութիւն պիտի գտնեն, պիտի ժառանգեն երկիրը, պիտի կշտանան, պիտի ներուի անոնց ու պիտի կոչուին Աստծոյ զաւակներ։ «Ու այս բոլորը պիտի իրագործէ Աստուած» յարեց Սրբազան Պապը  նշելով որ  Յիսուսին սոյն սկզբնական քարոզութիւնը ցոյց կու տայ ութը դուռեր, փորձարկելու համար Աստուծոյ նախախնամութիւնն ու զօրութիւնը, որովհետեւ միայն Ինքն է որ կարող է լիացնել մարդուն սիրտը։

Հարց տալով ապա թէ ի՞նչ կը նշանակէ երանելի, Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ այդ բառին արմատը կու գայ Յունարէնէն է ու կը խօսի անձի մասին որ բոռը կուշտ է ու հանգստաւէտ կեանք ունի, անձ մը որ կ՛ապրի շնորհքի մէջ ու կը զարգանայ Աստուծոյ շնորհքով։ Եւ ասկէ մեկնելով Ան հաստատեց թէ Երանութիւնները կը լուսաւորեն քրիստոնէական կեանքը բնորոշող գործողութիւններն ու դրոյթները, յայտելով թէ ինչպէս եւ երբ Աստուած մեզ կ՛այցելէ իր շնորհքով եւ իր ուրախութեամբ։

Աստուծմէ եկած ուրախութիւնը նման է խաղաղութեան որուն մասին Քրիստոս կ՛ըսէ «Խաղաղութիւնը որ կու տամ ձեզի նման չէ այն խաղաղութեան զոր աշխարհը կու տայ» Յովհաննէս 14, 27։

«Աստուած ինքզինք մեզի պարգեւելու համար յաճախ կ՛ընտրէ անհաւանական ուղիներ, մի գուցէ մեր սահմանափակումներու, մեր արցունքներու ու մեր պարտութիւններու ուղիները» յարեց ապա Սրբազան Պապը, ակնարկելով թէ այդ մէկը «Զատկական ուրախութիւնն է, որուն մասին կը խօսին Արեւելքի եղբայրները, սպիով ուրախութիւն՝ բայց կենդանի, անցաւ մահէն ու փորձարկեց Աստուծոյ զօրութեանը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ բացատրելով թէ  «այս աւետարանական երանութիւնը պիտի հանդիսանայ  յառաջիկայ  խորհրդածութիւններու նիւթը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2020, 09:35