Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Իրաքի նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Իրաքի նախագահը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իրաքի հանրապետութեան նախագահ Տիար Պարհամ

Հանդիպումի ընթացքին հրամայական նկատուած է տարածաշրջանի մէջ քրիստոնեաներուն պատմական ներկայութեան պահապանումը, որոնք մեծապէս նպաստած են ընկերային խաւի ու երկրի բարգաւաճման:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 25 յունուարին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իրաքի հանրապետութեան նախագահ տիար Պարհամ Սալիհը, որմէ ետք նախագահը հանդիպում ունեցաւ  Վատիկանի պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակերի:

Ունկնդրէ լուրը

Այս մասին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ , յիշեալ հանդիպումներ  տեղի ունեցած են սիրալիր մթնոլորտին մէջ, որոնց ընթացքին  քննարկումի նիւթ եղած  է երկիրը յուզող հարցերը, շեշտուած է  երկրի կայունութեան եւ վերանորոգումի գործընթացի կարեւորութիւնը՝ քաջալերելով երկխօսութեան ուղին, յարգելով ազգային ինքնիշխանութիւնը:

Հանդիպումի ընթացքին հրամայական նկատուած   տարածաշրջանի մէջ քրիստոնեաներուն պատմական ներկայութեան պահապանումը, որոնք մեծապէս նպաստած են ընկերային խաւի ու երկրի բարգաւաճման:

Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանը յուզող տարբեր հակամարտութիւններուն եւ մարդկային ծանր տագնապին, ընդգծելով վստահութեան եւ խաղաղ համակեցութեան ի սպաս  միջազգային ընտանիքի կողմէ ի գործ դրուած բոլոր  ջանքերը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2020, 12:27