Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Հրէաներն ու քրիստոնեաները ունին հասարակաց հոգեւոր հարստութիւն:»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց"Simon Wiesenthal Center" կեդրոնի պատուիրակութիւն մը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 20 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Simon Wiesenthal Center" հրէական կեդրոնի  պատուիրակութեան մը մաս կազ կազմող անդամներ:  

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ ամբողջ աշխարհի մէջ հրէական նշեալ կեդրոնի կատարած առաքելութեան, նշելով որ կեդրոնի նպատակն է պայքարիլ  հակասեմականութեան որեւէ ձեւերուն դէմ, ցեղապաշտութեան եւ ատելութեան ընդդէմ, դիտել տալով, որ  տասնեակ տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունին Սուրբ Աթոռի եւ կեդրոնի միջեւ յարաբերութիւններ, որոնք միացած են միեւնոյն փափաքով, որ է աշխարհը դարձնել մարդկային արժանապատուութեան յարգանքի աւելի լաւ վայր մը, արժանապատուութիւն, որ կը հայի հաւասար կերպով բոլորին ՝ անկախ անոնց ծագումէն եւ ընկերային կարգավիճակէն:

Նորին Սրբութիւնը ապա  ընդգծեց, թէ յոյժ կարեւորէ է դաստիարակել հանդուրժողութեան, կրօնական ազատութեան եւ ընկերային խաղաղութեան զարգացման:  Յիշեց 75 տարի առաջ, հրէաներուն ողջակիզումը, որուն  75-րդ յիշատակը պիտի նշուի յառաջիկայ 27 յունուարին: Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ 2016 թուականին «Աուշվիզ»  կատարած այցելութիւնը ուր պահ մը կանգ առաւ լռելեան՝ աղօթքի բարձրացնելու համար:

Ակնարկելով ապա Ժամանակակից աշխարհի ներկայ իրավիճակին, ֆրանչիսկոս Պապ  նշեց, որ աղմկալի աշխարհի մէջ պահ մը ժամանակ չունինք կանգնելու՝ անսալու համար տառապող մարդկութեան աղերսին, ոչ իսկ մեր ներսդին սեւեռելու:   Յորդորեց լուռ մնալ, պաշտպանելու համարյիշատակը, նկատել տալով որ երբ յիշատակը կը կորսնցնենք՝ ապագան ոչնչացուցած կ՝ըլլանք:  

Նորին Սրբութիւն մտահոգիչ նկատեց աշխարհի շատ մը վայրերու մէջ անտարբերութեան, եսասիրութեան աճումի երեւոյթը, ուր մարդիկ շահագրգռուած են լոկ իրենց հանգստաւէտութեամբ եւ այս մէկը ատելութեան պատճառ կը դառնայ:

Ան ապա յարելով, թէ վերջերս տեղի ունեցած է հակասեմական բարբարոսական արարքներ, ընդգծեց թէ ինք երբեք պիտի չդադրի դատապարտելէ այդ արարքները, եւ այս հարցը արմատախիլ ընելու համար , պէտք է զտել ատելութեան հողը՝ խաղաղութիւն սերմանելով:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ Հրէաներն ու Քրիստոնեաները ունին հասարակաց հոգեւոր հարստութիւն մը եւ այս մէկը միշտ աւելիով բացայայտելով պէտք է դնել բոլորին ծառայութեան ի սպաս:

Ան խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելբվ կեդրոնի անդամներուն յանձնառութեան համար, քաջալերելով զանոնք աշխուժացնելու Հրէաներուն եւ Քրիստոնեաներու միջեւ համագործակցութիւնը՝ տկարներու պաշտպանութեան ի խնդիր: Շալոմ: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2020, 13:00