Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ձկնորսներու խումբ մը:

Ձկնորսութիւնը աշխարհի ամենէն հին աշխատանքներէն մին է : Յիսուսի առաքեալները ձկնորսներ Էին: Նաեւ իմ նախորդս՝ Սուրբ Պետրոս ձկնորս էր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 18 յունուարին,Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց Իտալիոյ «Մարքէ» մարզի «Սան Պենետեթօ Տէլ Թրօնթօ» ծովեզերեայ շրջանի խումբ մը ձկնորսներ:

Ունկնդրէ լուրը

Ձկնորսներուն ուղղած  պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ զոհողութեամբ լի եւ երբեմն վտանգաւոր ձկնորսներուն անխոնջ աշխատանքին ըսելով, որ  ըլլայ լաւ,  ըլլայ վատ օդի պարագաներուն, ձկնորսները ծով կը փութան, իրենց առօրեայ ապրուստը ճարելու համար:

Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ յառաջդիմութիւններով բնորոշուած  ժամանակակից ընկերային կեանքին  մէջ յաճախ ձկնորսները  փափաք կը զգան  աւելի ապահով գործ մը գտնելու: Այս գծով յորդորեց ձկնորսները,  որ երբեք չյուսալքուին ու դիմագրաւեն բոլոր դժուարութիւնները,   ընդգծելով ձկնորսներու աշխատանքը արժեւորելու հրամայականը ՝զօրակցելով անոնց իրաւունքներուն ու ձգտումներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց ձկնորսներուն ծովու յատակի եւ ջուրի վերականգումի աշխատանքը, հաշուի առնելով անոնց կողմէ ծովէն դուրս բերուած աղբերու ու «Փլաստլիքի» մեծ քանակը, աշխատանք մը, որ օրինակ հանդիսած է այլ ծովեզրեայ քաաղաքներուն: ըսաւ Սրբազան Հայրը : Ան ապա անդրադառնալով ձկնորսութեան արուեստին , նշեց թէ ձկնորսներուն գործը հին աշխատանք է,  նկատել տալով, որ Աւետարանի մէջ յաճախ կը հանդիպինք ձկնորսներու կեանքի ու աշխարին կապուած դրուագներու, դիտել տալով նաեւ, որ Յիսուսի առաջին առաքեալները ձկնորսներ էին:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց նշելով, թէ իրեն մեծ հաճոյք կը պատճառէ, երբ կը մտաբերէ, թէ այսօր եւս  կան քրիստոնեայ ձկնորսներ, որոնք կը զգան իրենց կողքին Տիրոջ հոգեւոր ներկայութիւնը: Ան ապա քաջալերեց ձկնորսները, երբեք չկորսնցնելու զօրակցութեան,  ընտանիքի եւ իրար զիրար օգնելու արժէքները:

Յանձնելով ձկնորսները Տիրամօր ու ձկնորսներուն պաշտպան սուրբ, Ֆրանչէսքօ Տի Փաօլոյի հովանիին, ֆրանչիսկոս Պապ ներկաներուն,  անոնց հարազատներուն վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւնները, ապա խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2020, 10:38