Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի բարեմաղթանքները լուսնային նոր տարուան առիթով:

ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթել խաղաղութեան, երկխօսութեան, ազգերու միջեւ զօրակցութեան համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 22 յունուարին, Վատիկանի մէջ կայացած  հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց, որուն մէջ շնորհաւորեց հեռաւոյ արեւելքի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ լուսնային ամանորը նշող այր մարդիկ ու կիները :

Ունկնդրէ լուրը

«Յառաջիկայ 25 յունուարի , հեռաւոր արեւելքի եւ աշխարհի տարբեր վայրերու  մէջ միլիոնաւոր մարդիկ ու կիներ կը տօնեն լուսնային նոր տարին:

Ջերմօրէն կ՝ողջունեմ բոլորը, յատուկէն  ընտանիքներուն կը մաղթեմ, որ ըլլան ՝ հիւրընկալութեան, իմաստութեան, անձերու նկատմամբ յարգանքի եւ արարչագործութեան հետ ներդաշնակութեան առաքինութիւններու կրթական վայրեր:

Ձեզ բոլորդ կը  հրաւիրեմ  աղօթելու նաեւ խաղաղութեան, երկխօսութեան, ազգերու միջեւ զօրակցութեան համար. պարգեւներ որոնք անհրաժեշտ են այսօրուան աշխարհին:»  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ լուսնային նոր տարուան առթիւ յղած կոչին մէջ: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2020, 10:21