Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Տարեցներն ալ Եկեղեցւոյ ներկան ու ապագան են» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Տարեցները անհրաժեշտ օղակն են մանուկներուն ու պատանիներուն դաստիարակելու ու փոխանցելու հաւատքը, եւ ասոր համար անհրաժեշտ է զանոնք ներառել մեր հովուական հրիզոններու ներքոյ ու զանոնք նկատել մեր ընկերութիւններու կենսական անդամներ ու դերակատարներ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կեանքը պարգեւ մըն է ու երբ երկար է՝ առանձնաշնորհում է, մեզի եւ ուրիշներու համար։Միշտ։» Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը արտայայտուեցաւ Վատիկանի մէջ ընդունելով՝ Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Վատիկանեան Ժողովի կողմէ կազմակերպուած «Տարիներու հարստութիւնը» բնաբանով, տարեցներու հովուական ծառայութեան նուիրուած գիտաժողովին մասնակիցները։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Պապը դիտել տուաւ որ 21 դարուն՝ երկարակեցութիւնը դարձած է մարդկութիւնը  բնորոշող յատկութիւններէն մին…ու թէ տարեցները այսօր շատ աւելի բազմաթիւ են քան անցեալին, ու անոնց ներկայութիւնը ընկերութեան մէջ նորութիւն է։

Բայց եւ այնպէս, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, այս երեւոյթին դիմաց  կայ անտարբերութիւնը ու յաճախ տարեցներուն մերժումը ու այս մէկը բոլորս պէտք է մղէ խորացած խորհրդածութեան մը, որ մեզ առաջնորդէ՝ սորվիլ  ընկալել ու արժեւորել երկարակեցութեան արժէքը։

«Ասոր համար է որ սիրով ընկալեցի այս գիտաժողովի գաղափարը որ ուշադրութիւնը կեդրոնացուց  տարեցներու հովուական ծառայութեան վրայ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով ներկաները այնպէս ընելու որ այս մէկը չի դառնայ կղզիացած ձեռնարկ մը, այլ յատկանշէ հովուական խորացումի ճանապարհի մը սկիզբը։

Սրբազան Պապը ակնարկեց հուսկ Աստուածաշունչին ուր երկարակեցութիւնը օրհնութիւն համարուած էր, նկատել տալով որ  այդ տարիքը ժամանակն է նաեւ մենք մեզ պատրաստելու Աստուծոյ հետ աւելիով մտերմութեան մէջ մտնելու ու անոր ձեռքերուն մէջ յանձնելու մեր հոգին՝ զաւակներու վստահութեամբ։ «Սակայն ժամանակն է նաեւ նորոգուած պտղաբերութեան, ինչպէս կ՛ըսէ սաղմոսերգուն. «ծերութեան մէջ պտուղներ պիտի տան (Սաղմ 91, 15)։  Այդպէսով է Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրը կ՛իրագործուի տկար, անպտուղ ու անզօր մարմիններու աղքատութեան մէջ՝ Սարայի ամուլ արգանդէն ու Աբրահամի հարիւրամեայ մարմինէն ծնաւ ընտրեալ ժողովուրդը։ Եղիսաբեթէն ու տարեց Զաքարիայէն ծնաւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը։ «Տարեցը այդպէսով դարձաւ փրկութեան պատմութեան գործիք», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Քաջատեղեակ տարեցներու անփոխարինելի դերէն, Եկեղեցին կը դառնայ վայր ուր սերունդները կանչուած են կիսելու Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրը, միջսերնդային բաժնեկցութիւն մը որ կը մղէ փոխելու մեր հայեացքը տարեցներու նկատմամբ. սորվելով ապագային նայիլ անոնց հետ միասին» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ «Տարեցներն ալ Եկեղեցւոյ ներկան ու ապագան են։ Անոնք եւս երիտասարդներուն հետ միասին, ապագան են Եկեղեցւոյ մը որ կը մարգարէանայ եւ կ՛երազէ», շեշտեց Սրբազան Պապը ընդգծելով որ ծերութիւնը հիւանդութիւն մը չէ այլ առանձնաշնորհում է, մինչ առանձնութիւնը կարող է դառնալ հիւանդութիւն։

Սրբազան Պապը ակնարկեց հուսկ համաշխարհայնացած ընկերութեան մէջ այսօրուայ ծնողներուն քրիստոնէական կազմաւորումի պակասին, որով  սակայն օժտուած են պապիկ մամիկները եւ կարող են  զայն փոխանցել իրենց թոռնիկներուն։ Անոնք անհրաժեշտ օղակն են մանուկներն ու պատանիները դաստիարակելու  հաւատքին, եւ ասոր համար անհրաժեշտ է  «զանոնք ներառել մեր հովուական հրիզոններուն ներքոյ ու զանոնք նկատել մեր ընկերութիւններու կենսական անդամներ ու դերակատարները աւետարանող հովուական ծառայութեան մը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ հաւատարիմ սիրոյն առանձնայատուկ վկաները» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնելով ժողովակներուն յանձնառումին համար ու քաջալերելով զանոնք յառաջ ընթանալու անվախ,  օգնելով եպիսկոպոսներուն խթանելու համար տարեցներուն  նուիրուած ու տարեցներուն մասնակցութեամբ  հոլովական ծառայութիւն մը։

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց բոլոր ներկաներուն վստահեցնելով իր աղօթքներն ու օրհնութիւնը ապա իր սովորութեան համաձայն խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2020, 13:32