Որոնել

papa--a-mamme-nella-sistina--se-bimbi-hanno-f-1547392127256.jpg

Քահանայապետը Սիքստինեան մատրան մէջ Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդը պիտի մատակարարէ։

12 Յունուարին Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուսի Մկրտութեան տօնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

12 Յունուարին Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուսի Մկրտութեան տօնը։ Տօնին առթիւ աւանդութիւն դարձած է որ Սրբազան Քահանայապետը Մկրտութեան խորհուրդը մատակարարէ վատիկանի պաշտօնեաներու նորածին մանուկներուն ու այս մէկը ընդհանրապէս կը կատարուի Վատիկանի աշխարհահռչակ Սիքստինեան մատրան մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Սիքստինեան Մատուռը տիեզերական արուեստի ու աշխարհի ամենահռչակաւոր թանգարանային վայրերէն մին  ըլլալէն անդին կը ծառայէ նաեւ որպէս վայր՝ Կարդինալներու Ժողովին, որուն ընթացքին կ՝ընտրուի Նոր Քահանայապետը, ան վայր է նաեւ Պապական մեծ ծիսակատարութիւններու, որոնց շարքին է Մկրտութեան Խորհուրդի վերոնշեալ արարողութիւնը։

Սիքստինեան Մատուռը գլուխ գործոցն է աշխարհահռչակ Միքելանճելոյի որ՝ 1508 – 1512 տարիներուն, հոգացած է Մատրան առաստաղի կամարի զարդարանքի աշխատանքները, հուսկ  1536-1541 թուականներուն իրագործած է խորանի ետեւի պատին «Վերջին Դատաստան» գործը։  

Մատուռը իր անունը առած է Սիքստոս Դ.րդ Տէլլա Ռովերէ Քահանայապետէն, որ զայն կառուցել տուած է ճարտարապետ Ճովաննի Տէի Տոլչիի-ն։

Սիքստինեան Մատուռը Միքելանճելոյի հանրածանօթ գործերէն զատ կը պարունակէ նաեւ Իտալացի այլ մեծ արուեստագէտներու կարեւոր որմանկարները,  որոնց շարքին նշենք՝ Պոթթիչէլլին,Փերուճինօն, Կիրլանտաիոն,,Սինիորէլլին եւ Ռոսէլլին....

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2020, 07:26