Որոնել

Սուրբ Մկրտութեան արարողութիւն Սիքստինեան մարտան մէջ Սուրբ Մկրտութեան արարողութիւն Սիքստինեան մարտան մէջ 

Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին օրը Ֆրանչիսկոս Պապ մկրտեց 32 նորածին մանուկներ։

Զաւակ մը մկրտելը արդարութեան արարք է։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ մենք մկրտութեամբ անոր կու տանք գանձ մը, դրոշմ մը՝ Սուրբ Հոգին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 12 Յունուար 2020-ի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, ըստ լատինաց Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ մկրտութեան տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ըստ աւանդութեան, Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ, Վատիկանի պաշտօնեաներու նորածին 32 մանուկներուն մատակարարեց սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած սրտաբուխ ու հակիրճ քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ. «Յիսուսի նման որ գնաց մկրտուելու Սուրբ Յովհաննէսի մօտ, դուք ձեր զաւակները բերած էք այստեղ»։

«Յիսուս Յովհաննէսին կ՛ըսէ «թոյլ տուր որ գործադրուի արդարութիւնը» (Մատթ. 3,15)։ Զաւակ մը մկրտելը արդարութեան արարք է։  Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ մենք մկրտութեամբ անոր կու տանք գանձ մը, դրոշմ մը՝ Սուրբ Հոգին։ Եւ մանուկը դուրս կու գայ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ։ Սուրբ Հոգին զայն պիտի պաշտպանէ, պիտի օգնէ, համայն կեանքի ընթացքին։ Ասոր համար կարեւոր է մկրտութիւնը ընդունիլ մանուկ հասակին, որպէսզի անոնք աճին Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ այս է պատգամը զոր կ՛ուզեմ փոխանցել.  «Դուք ձեր զաւակները կը բերէք որպէսզի ընդունի Սուրբ Հոգին։ Եւ խնամք տարէք որ անոնք աճին լոյսին մէջ Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ։

«Այլ թելադրանք մըն ալ ունիմ», յարեց ապա Քահանայապետը, Մանուկները չեն վարժուած Սիքստինեան մատուռ գալ ու այսպիսի արարողութեան մասնակցիլ, մի գուզէ իրենք զիրենք հանգիստ չզգան ու մի գուզէ ջերմութեան կամ անօթութեան պատճառաւ անոնցմէ մին սկսի լալ, եւ ուրիշը ետեւէն պիտի շարունակէ, ստեղծելով երգչախումբ մը։ Խնդրեմ թոյլ տուէք որ անոնք ազատ ըլլան ու եթէ անօթի են մի մտահոգուիք կաթ տալու անոնց։

«Երբ մանուկ մը լայ եկեղեցւոյ մէջ գեղեցիկ  քարոզութիւն է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց դարձեալ շերտելով թէ պէտք չէ մոռնան թէ իրենք տուն պիտի վերադառնան Սուրբ Հոգիով լիացած զաւակներով։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ հրաւիրելէ ետք ծնողներն ու կնքահայր կնքամայրերը կատարելու իրենց քրիստոնէական պարտականութիւնները հանդէպ նոր մկրտեալներուն ու անոնց անունով մերժեէ ետք չարն ու ստանան, մէկիկ մէկիկ մկրտեց նորածինները յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2020, 10:02