Որոնել

Կաթողիկէ դաստիարակութեան միջամերիկեան 26-րդ համաժողովը Կաթողիկէ դաստիարակութեան միջամերիկեան 26-րդ համաժողովը 

Կաթողիկէ դաստիարակութեան միջամերիկեան համագումարը ուղղուած Քահանայապետական պատգամ։

Թող խթանուի հանդիպումի մշակոյթը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սանթիակօ Տէ Չիլէի մէջ այս օրերուն տեղի կ՛ունենայ Կաթողիկէ դաստիարակութեան միջամերիկեան 26-րդ համաժողովը, որուն առթիւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Ֆրանչիսկոս Պապին անունով պատգամ մը ուղղեց ժողովականներուն, որուն մէջ նշեց որ «Քահանայապետը կը քաջալերէ անոնք որոնք կաթողիկէ դպրոցներու ներքոյ պատասխանատուութիւններ ստանձնած են, խորհրդածելու մարտահրաւէրներու մասին, խթանելու համար իսկական հանդիպումի մը մշակոյթը, որպէսզի մեր ժամանակներուն համար կարելի ըլլայ յոյսի եւ վստահութեան առաջարկ մը։

Համագումարի բացումը կատարուեցաւ անցեալ 8 յունուարին ու անոր աւարտը նախատեսուած է 12 յունուարին։

Ունկնդրէ լուրը

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2020, 08:00