Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը եւ գերապայծառ Քաչչա Ֆրանչիսկոս Պապը եւ գերապայծառ Քաչչա 

Ֆրանչիսկոս Պապին 10 Յունուարի պաշտօնական հանդիպումները։

Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ Գաբրիէլէ Ճորտանօ Քաչչան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 10 Յունուար 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լուիս Ֆրանսիսքօ Ֆետերերը որմէ ետք ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան մօտ երբեմնի Պապական Նուիրակ  եւ այժմ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ գերապայծառ Գաբրիէլէ Ճորտանօ Քաչչան, հուսկ Հռոմի Լուտերական աւետարանական հասարակութեան ժողովրդապետ՝ Հայր Միքայէլ Եոնասը։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա առաքելական պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Կաթողիկէ Իգական Կազմակերպութիւններու համաշխարհային միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան մը եւ Լատին Ամերիկեան Քահանայապետական վարժարանի Յիսուսեան միաբանութեան հասարակութիւնը։

Ի մէջ այլոց նշենք թէ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը այսօր հրապարակեց երկու թուիթներ քաղուած Քահանայապետի Աստուածայայտնութեան տօնին օրը արտասանած քարոզէն, ուր ան շեշտը կը դնէ Աստուածպաշտութեան վրայ, հաստատելով որ «պաշտելով կը սորվինք մերժել այն ինչ որ պաշտամունքի արժանի չէ, դրամ աստուածը, սպառում աստուածը, հաճոյքի աստուածը, յաջողութեան աստուածը ու մեր եսը կերտուած որպէս աստուած։

Սրբազան Պապը ապա կը հաստատէ թէ պաշտել կը նշանակէ փոքրիկ դառնալ Ամենակալի դիմաց, հասկնալու համար թէ կեանքի մեծութիւնը կը կայանայ ոչ թէ ունենալու՝ այլ սիրելու մէջ։

 

Յօդուածի վերջին թարմացումը՝ 12.30

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2020, 12:00