Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօն. Ֆրանչիսկոս Պապին 12 Յունուարի Մարեմեան աղօթքը։

«Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը օգնէ մեզի որպէսզի միշտ աւելիով հասկնանք Մկրտութեան պարգեւը ու զայն հետեւողականութեամբ ապրինք առօրեային մէջ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 12 Յունուար 2020-ի կէսօրին Ֆրանսիականս Սրբազան Քահանայապետը, Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին առթիւ Սիքստինեան մատրան մէջ նախագահելէ ետք Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդի մատակարարումի աւանդական պատարագն ու արարողութիւնը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։

Ունկնդրէ լուրը

Աղօթքին սկիզբը ողջունելով հրապարակը համախմբուած բազմահազար հաւատացեալները Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ անգամ մը եւս ուրախութիւնը ունեցաւ մկրտել մի քանի մանուկներ ու հաւատացեալներէն խնդրեց որ աղօթեն անոնց ու անոնց ընտանիքներուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ յայտնեց թէ այս տարուայ ծիսակատարութիւնը Յիսուսին Սուրբ Մկրտութեան դրուագը կը ներկայացնէ Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած հատուածով (Մատթէոս 3, 13-17)։

«Աւետարանիչը կը նկարագրէ Յիսուսին ու Յովհաննէս Մկրտիչի միջեւ խօսակցութիւնը երբ Յիսուս կը խնդրէ մկրտուիլ» ըսաւ Քահանայապետը, սակայն Յովհաննէս Մկրտիչ կը մերժէ այդ մէկը ըսելով. «Ե՛ս պէտք է որ մկրտուիմ քեզմէ, ու դո՞ւն կու գաս ինծի»: 

Յովհաննէս արդարեւ յայտարարած էր թէ իր ու Յիսուսին մէջ անդնդային հեռաւորութիւն մը կայ. «ես արժանի չեմ անոր կօշիկները կրելու» (Մատթ 3, 11) ըսած էր Ան։ Աստուծոյ Որդին սակայն եկաւ մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ լրացնելու այդ հեռաւորութիւնը եւ միացնելու այն ինչ որ բաժնուած էր։ Ասոր համար Յիսուս կը պատասխանէ «Թո՛յլ տուր հիմա, որովհետեւ ա՛յսպէս կը պատշաճի մեզի, որ գործադրենք արդարութիւնը իր ամբողջութեամբ»:

Այս խօսքերով Մեսիան կը խնդրէ մկրտուիլ որպէսզի իրականացուի արդարութիւնը, այսինքն Աստուծոյ ծրագիրը որ կ՛անցնի որդիական հնազանդութեան ու մեղաւոր եւ դիւրաբեկ մարդու նկատմամբ զօրակցութեան ընդմէջէն։

«Ասիկա խոնարհութեան ու Աստուծոյ իր զաւակներուն մօտիկութեան ճանապարհն է», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով որ Եսայի մարգարէն եւս կը հռչակէ Աստուծոյ Ծառայի արդարութիւնը, որ իր առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ աշխարհի հոգիին հակառակ հոգիով։

«Հեզութեան, պարզութեան, յարգանքի,  չափաւորութեան ու թաքունութեան վարուելակերպ մը, որ այսօր պահանջուած է նաեւ Տիրոջ աշակերտներէն» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով որ «քրիստոնեայ հասարակութիւնը կանչուած է երթալու դէպի ուրիշները, առաջարկելով եւ ոչ թէ պարտադրելով, վկայելով ու բաժնեկցելով մարդոց գործնական կեանքը»։

Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, իսկոյն դուրս ելաւ ջուրէն, եւ ահա՛ երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ՚իջնէր ու կու գար իր վրայ: Եւ ահա՛ ձայն մը եկաւ երկինքէն՝ որ կ՚ըսէր. «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս՝ որուն հաճեցայ»:

«Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին օրը վերագտնենք մեր մկրտութիւնը։ Այնպէս ինչպէս Յիսուս Հօր Աստուծոյ սիրուած զաւակն է, մենք եւս վերածնած Սուրբ Հոգիէն գիտենք թէ սիրուած զաւակներ ենք, Աստուծոյ հաճութեան առարկայ ու եղբայրներ բազմաթիւ եղբայրներու, որոնց յանձնուած է մեծ առաքելութիւն մը. վկայել ու բոլոր մարդոց հռչակել Հօր անսահման սէրը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հայցելով  Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի օգնութիւնը որպէսզի միշտ աւելիով հասկնանք Մկրտութեան պարգեւը ու զայն հետեւողականութեամբ ապրինք առօրեայի իրավիճակներու մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2020, 12:10