Որոնել

Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին 6 Յունուարի Մարեմեան աղօթքը։

«Յիսուսին հետ հանդիպումի ամէն մէկ փորձառութիւն մեզ կը մղէ ստանձնելու նոր ուղիներ, որովհետեւ Անորմէ կու գայ բարի ուժ մը՝ որ կը բուժէ սիրտը ու մեզ կ՛ազատէ չարէն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 6 Յունուար 2020-ին, Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ մկրտութեան եւ յայտնութեան տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ մատուցած Սուրբ պատարագէն ետք իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին երկայնացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան խորհուրդին վրայ՝ Աստուածայայտնութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

«Այսօր կը տօնախմբենք Յայտնութեան տօնը յիշատակելու համար աստղին հետեւող արեւելքէն Բեթղեհէմ ժամանող մոգերը՝ որոնք այցելեցին նորածին Մեսիան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով որ՝Աւետարանական էջը (Մատթ. 2, 1-2) կը պատմէ թէ ինչպէս անոնք հեռաւոր վայրերէն, երկար ճամբորդութենէ մը ետք, հասան Բեթղեհէմ ճանչնալու համար Յիսուսը, Անոր երկրպագելու, ու Անոր տանելու իրենց նուէրները»։

«Եւ այդ ընելէ ետք անոնք դարձեալ ճանապարհորդութեան ուղին կ՛առնեն ու կը վերադառնան իրենց երկիրը» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը։

Մոգերը կանգ չեն առներ, անոնք Յիսուսի հետ չեն մնար ոչ ալ Յիսուս կ՛ուզէ զանոնք իր մօտ պահել. Թոյլ կու տայ որ երթան ու վերադառնան իրենց տուները։ Այս վերաբերմունքին մէջ  «Աստուծոյ ոճին ցուցմունքը կայ, Անոր պատմութեան մէջ յայտնուելու ձեւը» յարեց Սրբազան Պապը։

Աստուծոյ հետ հանդիպումը մեզ չի կանգնեցներ, այլ մեզ կ՛ազատէ,  մեզ չի կալանաւորեր, այլ մեզ կը դնէ ուղեւորութեան մէջ, մեզի կը վերադարձնէ մեր գոյութեան սովորական վայրերուն, ու թէեւ անոնք միեւնոյնը կը մնան, մենք ենք որ  Յիսուսին հետ հանդիպումէն ետք այլեւս միեւնոյնը չենք։

Մատթէոս Աւետարանիչը կը շեշտէ որ «Մոգերը այլ ճանապարհով վերադարձան իրենց երկիրը։ Անոնք առաջնորդուած հրեշտակէն իրենց ճամբան փոխեցին, որպէսզի Հերովդէսին չի հանդիպին։

Այդ «ճանապարհ  փոխելը» կարելի է ըմբռնել աւելի ընդլայնուած ձեւով. «Այս Ծննդեան սուրբ տօներուն առթիւ վերագտնելէ ու հանդիպելէ ետք Տիրոջ, չենք կրնար քալել առաջուայ ճամբաներէն։

«Յիսուսին հետ հանդիպումի ամէն մէկ փորձառութիւն մեզ կը մղէ ստանձնելու նոր ուղիներ, որովհետեւ Անորմէ կու գայ բարի ուժ մը՝ որ կը բուժէ սիրտը ու մեզ կ՛ազատէ չարէն» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտելով որ «Աստուծոյ եւ դաւաճան կուռքերու միջեւ տարբերութիւնը այն է՝ թէ Աստուած մեզ չի կաշկանդեր, այլ մեր առջեւ կը բանայ նորութեան եւ ազատութեան ուղիներ»։

Մոգերը այլեւս ոչ մի բան պիտի իմանան Բեթղեհէմի մէջ ծնած Արքայի մասին, սակայն առ յաւէտ իրենց սրտին մէջ պիտի կրեն, Անոր հետ հանդիպումէն բխած իրենց կեանքի նորութիւնն ու պտուղները։

«Հայցենք Սուրբ Կոյսէն որպէսզի Քրիստոսի սիրով բարեփոխուած վերանորոգուած կեանքով դառնանք՝ Անոր վկաները։

Յետ Մարեմեան աղօթքին Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով հրապարակը համախմբուած բազմահազար հաւատացեալները յատուկ խօսք ուղղեց Արեւելեան Եկեղեցիներու պատկան կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եղբայրներուն, «որոնցմէ շատեր վաղը պիտի տօնախմբեն Տիրոջ Սուրբ Ծնունդը» ըսաւ Ան մաղթելով որ անոնց հասնի Փրկիչ Քրիստոսին լոյսը ու անոր խաղաղութիւնը։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա այսօր յիշատակուող միսիոնար մանկութեան համաշխարհային օրուան, նշելով թէ ան տօնն է միսիոնար մանուկներուն ու պատանիներուն որոնք կ՛ապրին սրբութեան տիեզերական կոչումը, աղօթքի եւ բաժնեկցութեան արարքներու  միջոցաւ օգնելով իրենց կարիքաւոր հասակակիցները ։

Խօսքին աւարտին Սրբազան Պապը յատուկէն ողջունեց նաեւ ՝ Յայտնութեան տօնին նուիրուած  ֆոլքլորիսթիք տողանցքը ու անոր մասնակցողները այդ ողջոյնը ընդլայնելով բոլոր այն երկիրներուն ուր այդպիսի աւանդական տօնախմբութիւններ կը կատարուին եւ «որոնք, ըսաւ Սրբազան Պապը, կը պահպանեն տօնին քրիստոնէական իսկական իմաստը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա բոլորին մաղթեց  բարի տօնախմբութիւն ու ներկաներէն հրաժեշտ առնելով խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/01/2020, 12:10