Որոնել

Մատրիտի մէջ կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ միջազգային համագումար Մատրիտի մէջ կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ միջազգային համագումար  

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը կլիմայի մասին միջազգային համագումարի մասնակիցներուն:

Փարիզի համաձայնագիրէն չորս տարի ետք, գիտական հետազօտութիւններուն տուեալները ցոյց կու տան, որ պետութիւններուն կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը տակաւին հեռու են համաձայնագիրին նպատակներուն հասնելու համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

2-էն-13 դեկտեմբերին, Մատրիտի մէջ կը գումարուի կլիմային փոփոխութեան մասին,  միջազգային համագումար մը,  մասնակցութեամբ 25  պետութիւններուն:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, 3 դեկտեմբերին, պատգամ  մը ուղղեց Չիլէի կենսոլորտին նախարարին նախագահութեամբ գումարուած միջազգային համագումարին մասնակիցներուն:

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով 2015ին Փարիզի կլիմայի փոփոխութեան հայող համաձայնագիրին, նշեց թէ այդ համաձայնագիրը խթան հանդիսացաւ  պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան բարձրացման,  հասարակաց տան կառուցման համար: Սակայն  այդ համաձայնագիրէն չորս տարի ետք, գիտական հետազօտութիւններուն տուեալները ցոյց կու տան, որ պետութիւններուն  կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը տակաւին հեռու  են համաձայնագիրին նպատակներուն հասնելու համար :

Նորին Սրբութիւն ապա նկատել կու տայ, որ այսօր բարձրացած է կլիմայի փոփոխութեան եւ աղքատութեան դէմ պայքարին գիտակցութիւնը,  եւ ասոր փաստ է պետութիւններուն, տեղական հասարակութիւններուն եւ  ընկերութիւններուն կողմէ իրականացուցած բազմաթիւ ծրագիրները:  Սակայն կացութիւնը տակաւին  մտահոգիչ  է եւ կասկած,  եթէ այդ գործընթացները  կարող  են յարգել գիտութեան կողմէ խնդրուած ժամկէտը եւ ծախսեու բաշխումը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հարց կու տայ, եթէ կայ քաղաքական կամք, նիւթական եւ մարդկային ուժ տրամադրելու եւ ֆինանսաւորելու՝ դիմագրաւելու համար կլիմային փոփոխութենէ յառաջացած բացասական հետեւանքները, ինչպէս նաեւ օգնելու աւելի խոցուած եւ աղքատ ժողովուրդները :

Ան ապա նշեց թէ բազմաթիւ  են այն ուսումնասիրութիւնները, որոնք կը հաստատեն, թէ կարելի է սահմանափակել աշխարհի ջերմաստիճանի բարձրացումը եւ այս կատարելու համար պէտքը կայ քաղաքական յստակ եւ զօրեղ կամքի՝ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու, տարբեր տարածաշրջաններուն մէջ  մարդկային արժանավայել կեանքի պայմանները ապահովուելու համար :

 Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ նաեւ, որ այսօր երիտասարդները յաւելեալ ուշադրութեամբ կը հետեւին կլիմայի փոփոխութենէն յառաջացած շտապ հարցերուն, յորդորելով որ պէտք չէ երիտասարդներուն յանձնել մեր նախնիներէն ժառանգած ծանր բեռը , այլ  պէտք է անոնց հնարաւորութիւնը տանք մեզ յիշելու, իբրեւ քաջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ հասարակաց տունը վերանորոգող սերունդ:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտած է մաղթելով որ ապագայ սերունդին յոյս ներշնչող մարդիկ դառնանք  եւ գործենք բարի եւ արժանավայել ապագայի ի սպաս:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2019, 12:15