Ֆրանչիսկոս Պապ «Խօսքի ազատութիւնը նախապայման է մարդու աճին որպէս անձ:»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 13 դեկտեմբերին, Վատիկանի Սան Քալիսթօ կեդրոնին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը բացումը կատարեց, քահանայապետական Scholas Occurrentes կազմակերպութեան նոր մասնաճիւղին: Նշեալ կազմակերպութիւնը աշխարհի աւելի քան 190 երկիրներուն մէջ կը զբաղի դաստիարակութեամբ:
Բացման արարողութեան եկեղեցական եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն շարքին ներկայ գտնուեցան նաեւ հարաւային Ամերիկայի հինգ առաջին Տիկիններ:
Նոր գրասենեակի բացման արարողութեան ընթացքին Սքոլաս Օքուրենթէսի անդամները, ֆրանչիսկոս Պապին քահանայական ձեռնադրութեան 50 ամեակի առթիւ հնչեցուցին շնորհաւորական երգեր:
Նորին Սրբութիւնը ունկնդրելէ ետք կազմակերպութեան կարգ մը անդամներուն տուած վկայութիւնները, ներկաներուն փոխանցեց իր սրտի խօսքը, որուն մէջ խօսքը կեդրոնացնելով քահանայապետական հաստատութեան հետապնդած նպատակներուն վրայ ընդգծեց, որ Սքոլաս Օքուրենթես- ի նպատակը, հոգիներուն որսորդութիւն չէ, այլ ազատութիւն ստեղծել է, որովհետեւ քահանայապետական կազմակերպութեան կետնպատակն լուսարձակի տակ առնել իւրաքանչիւր անհատի սիրտին խօսող իրողութիւնը, որ է աճիլ եւ ապագայ կերտել:
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա բարձր գնահատեց Scholas Occurrentes-ի ծրագիրները, որոնք կը քաջալերեն եւ կը մղեն երիտասարդները դրսեւորելու իրենց ներքին կարողութիւնները: Ծրագիրներ, որոնց միջոցաւ կ՝ընկերանան եւ կ՝օգնեն երիտասարդները՝ անոնց ստեծագործական գործերուն ներքեւ: Ըսաւ Սրաբզան Հայրը աւելցնելով, որ այն այր մարդն ու կինը, որ ստեղծարար չէ մանուկ կը մնայ եւ չ՝աճիր:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ