Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց շարժապատկերի գործաւորներուն կաթողիկէ ընկերակցութեան անդամները:

Ֆրանչիսկոս Պապ շարժապատկերի աշխատանքի շրջագիծէն ներս թելադրեց երեք կէտեր: Հաղորդութիւն, ստեղծագործութիւն եւ տեսութիւն:

Շաբաթ, 7 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս պապ  ընդունեց շարժապատկերներու գործիչներու կաթողիկէ  ընկերակցութեան անդամները, որոնց ընկերացած էր Եւրոպայի համահաւաք դասի քարտուղարը:

Արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց  կաթողիկէ ընկերակցութեան անդամներն ու  Իտալական եկեղեցիէն ներս շարժապատկերներով զբաղող կազմակերպութիւնները, շարժապատկերներուն ընկերակցութեան  հիմնադրութեան 70-րդ տարեդարձին առիթով, նկատել տալով որ այդ հանդիսութիւնը առիթ է,  վերանորոգելու  70 տարին առաջ առնուած յանձնառումները :

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսոկս Պապ ապա շարժապատկերի աշխատանքի շրջագիծէն ներս թելադրեց երեք կէտեր: Հաղորդութիւն, ստեղծագործութիւն, եւ տեսութիւն:

Հաղորդութիւն, ան նշեց որ  Քրիստոնեաներս կանչուած ենք յայտնելու հաւատացեալներուն ինքնութիւն բնորոշող հաղորդութիւնը:  Հաւատքը, ինքնին հաղորդութիւն , յարաբերութիւն եւ հանդիպում է:  Խրախուսած Աստուծոյ սէրէն կրանանք հաղորդել, ընկալել եւ հասկնալ ուրիշին պարգեւը::  ֆրանչիսկոս պապ հրաւիրեց ընկերակցութեան անդամները  կառուցելու իրենց միջեւ ինչպէս նաեւ այլ  շարժապատկերով զբաղող կազմակերպութիւններուն միջեւ հաղորդութիւնը սփռելու համար՝ միասնական աշխատանքի գեղեցկութիւնը

Ստեղծագործութիւնը: Որեւէ արուեստական աշխատանք  պտուղն է ստեղծագործութեան, ուր կը յայտնաբերուի մարդ էակի եզակիութիւնը, ներքին աշխարհն ու դիտաւորութիւնը:  Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց տեղ տալ ստեղծագործութեան, երեւակայելով եւ կառուցելով նոր գործընթացներ:

Խրախուսեց համակերպիլ ժամանակից աշխարհի արագընթաց փոփոխութիւններուն, թեքնիքական եւ թուայնաին փոփոխութիւններուն միասնական հոգիով եւ ընկերակցութեան հիմնադիրներուն միեւնոյն քաջութեամբ: Խօսելով տեսութեան մասին, Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ շարժապատկեր մը դիտելու ժամանակ մարդու հոգիին մէջ կը յառաջանան տարբեր զգացումներ: Ան յորդորեց շարժապատկերներուն գործաւորները  աշխատելու եկեղեցական ոճով:

Նորին Սրբութիւն պատգամը աւարտեց Տիրոջմէ հայցելով որ օգնէ ընկերակցութեան անդամներուն,  անոնց  հաղորդութեան ստեղծագործութեան եւ ուշադիր հայեացք ունենալու  ուղեւորութեան մէջ: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2019, 12:08