Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Խաղաղութիւնը որպէս յոյսի ուղեւորութիւն. Երկխօսութիւն, հաշտութիւն եւ բնապահպանական դարձ։

Ֆրանչիսկոս Պապին 2020-ի խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատգամը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 12 դեկտեմբեր 2019-ի 11.30-ին Սուրբ Աթոռի  Մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ Մարդկային համապարփակ Զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի Կառավարիչը կարդինալ Փիթըր Ափփիա Թուրքսոն ու բաժանմունքի քարտուղար՝ Հայր Պրունօ Մարի Տիւֆֆէ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացումը կատարեցին՝ մէկ յունուարին նշուող Ֆրանչիսկոս Պապին 2020-ի խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատգամին։

Ունկնդրէ լուրը

 

“«Խաղաղութիւնը թանկարժէք բարիք մըն է, մեր յոյսին առարկան, որուն կը ձգտի համայն մարդկութիւնը։”

Պատգամին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը կը գրէ. «Խաղաղութիւնը թանկարժէք բարիք մըն է, մեր յոյսին առարկան, որուն կը ձգտի համայն մարդկութիւնը… յոյսը այն առաքինութիւնն է, որ մեզ կը դնէ ուղեւորութեան մէջ, մեզի կը պարգեւէ թեւեր յառաջ ընթանալու համար, նոյնիսկ երբ արգելքները անյաղթահարելի կը թուին»։

Բազմաթիւ են Ֆրանչիսկոս Պապին շօշափած նիւթերը Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ որ բաղկացած է հինգ գլուխներէ  եւ որուն բնաբանն է «Խաղաղութիւնը որպէս յոյսի ուղեւորութիւն. Երկխօսութիւն, հաշտութիւն եւ բնապահպանական դարձ»։

Նորին Սրբութիւնը կ՛ ակնարկէ մարդկութեան յիշողութեան մէջ դրոշմուած պատերազմներուն ու հակամարտութիւններուն յիշատակին, որոնցմէ ամենաշատ տուժեցին ու կը շարունակեն տուժել ամենատկարներն ու ամենաաղքատները։ Ան կը մատնանշէ նաեւ այն բազմաթիւ մարդոց ու կիներուն՝ որոնց այսօր ժխտուած է արժանապատուութիւնը, ազատութիւնը, կրօնական ազատութիւնը, հասարակական զօրակցութիւնը ու ապագային նկատմամբ յոյսը։  Բոլորն ալ անմեղ զոհեր են որոնք իրենց վրայ կը կրեն նուաստացումի ու բացառման, ողբի ու անարդարութեան, եւ նոյնիսկ իրենց ժողովուրդին ու սիրելիներուն դէմ գործադրուած համակարգային հալածանքներու հետեւանքները։

Եղբայրութիւնը մարդկային կոչում

«Ամէն մէկ պատերազմ իրականութեան մէջ կը յայտնուի որպէս եղբայրասպանութիւն, որ կը կործանէ նոյնինքն եղբայրութեան ծրագիրը որ արձանագրուած է մարդկային ընտանիքի կոչումին մէջ» կը գրէ Քահանայապետը, ապա կը բացատրէ պատերազմներու պատճառները՝ որոնք ընդհանրապէս կը ծնին «ուրիշի տարբերութեան նկատմամբ անհանդուրժութենէն եւ տիրանալու ու գերիշխելու կամքէն»։

«Ան ծնունդ կ՛առնէ եսասիրութենէ եւ սնապարծութենէ ապականած մարդու սրտին մէջ, շնորհիւ ատելութեան որ կը մղէ կործանելու եւ ուրիշը ներփակելու ժխտական պատկերի ներքոյ, զայն բացառելով ու նաեւ ոչնչացնելով» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը, ակնարկելով Ճափոն կատարած վերջին ճամբորդութեան ու խաղաղութեան մասին այնտեղ արտասանած խօսքերուն. «Խաղաղութիւնը կարելի է միայն՝ մեկնելով զօրակցութեան ու համագործակցութեան ընդհանրական բարոյականութենէն, որ ըլլայ ի ծառայութիւն ապագայի մը, որ  ձեւաւորուած ըլլայ իրար կախուածութեան ու համապատասխանատուութեան հիման վրայ, այսօրուայ ու վաղուայ համայն մարդկութեան նկատմամբ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը հատատէ որ կարելի չէ աշխարհի կայունութիւնը պահպանել հիմնուելով ոչնչացման վախի վրայ, ու ասկէ մեկնելով հարց կու տայ «ի՞նչպէս  ուրեմն կառուցել խաղաղութեան ու փոխադարձ ճանաչողութեան ապագայ մը։ Եւ հարցումի որպէս պատասխան կ՛առաջարկէ եղբայրութիւնը, որ հիմնուած է միասնական ծագումի վրայ, որ կու գայ Աստուծմէ, հիմք ունենալով փոխադարձ երկխօսութիւնը եւ վստահութիւնը։

«Խաղաղութեան իղձը խորապէս դրոշմուած է մարդու սրտին մէջ, որմէ պէտք չէ հրաժարիլ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապ ու պատգամի երկրորդ մասին մէջ կը խօսի խաղաղութեան մասին որպէս ունկնդրութեան ուղեւորութիւն՝ հիմնուած յիշողութեան, զօրակցութեան եւ եղբայրութեան վրայ։

Անցեալի յիշատակը խաղաղ ապագայի համար։

«Յիշողութիւնը յոյսին հորիզոնն է» կը հաստատէ Քահանայապետը ու յաճախ պատերազմի եւ հակամարտութիւններու խաւարին ընդմէջէն զօրակցութեան փոքրիկ յիշատակ մը կարող է  հերոսական ընտրանքներ ներշնչել ու շրջանառութեան մէջ դնել նոր ուժեր ու վերակենդանացնել յոյսը»։ Յիշելով ապա «Հիպաքուշաները»՝ Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի ադոմական ռումբի վերապրածները,  «որոնք վառ կը պահեն 1945-ի ողբերգութեան յիշատակը եւ որոնց վկայութիւնը առիթ է արթուն պահելու մարդկային խիղճը ու երաշխիք է՝ կառուցելու համար աւելի արդար եւ եղբայրական ապագայ մը» Քահանայապետը կը հաստատէ. «Յիշողութիւնը» արդարեւ «արմատն» է ու «հետքը»՝ ներկայի եւ ապագայի խաղաղութեան ընտրանքին»։

Խաղաղութեան արհեստաւորներ

Աշխարհը պէտք չունի դատարկ խօսքերու, այլ համոզուած վկաներու, խաղաղութեան արհեստաւորներու, որոնք բաց են երկխօսութեան» կը գրէ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով որ խաղաղութիւնը կարելի է ձեռք բերել երբ մարդոց միջեւ կայ համոզիչ երկխօսութիւն մը, որ կը փնտռէ ճշմարտութիւնը։

Խաղաղութիւնը արդարեւ յարատեւ կառուցելիք կառոյց մըն է, միասնական ուղեւորութիւն մը՝ ի սպաս հասարակաց բարիքին։

Փոխադարձ ունկնդրութեան միջոցաւ կարելի է նաեւ աճեցնել իրար ճանաչումը եւ ուրիշին նկատմամբ գնահատանքը, մինչեւ այն աստիճան որ թշնամիին մէջ ճանչնանք եղբօր մը դիմագիծը։

Խաղաղութեան գործընթացքը ուրեմն ժամականներու ընթացքին տեւող յանձնառութիւն մըն է։ Ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը որոնող համբերատար աշխատանք, որ կը յարգէ զոհերու յիշատակը ու մեզ կը բանայ միասնական  յոյսի մը, որ աւելի զօրեղ է վրէժխնդրութենէն։ Եկեղեցին եւս, յիշատակելով Քրիստոսը, կը մասնակցի արդար մէկ համակարգի մը որոնումին, ծառայելով հասարակաց բարիքին։

Ներում եւ եղբայրութիւն

Պատգամի երրորդ մասին մէջ Քահանայապետը անդրադարձ կը կատարէ խաղաղութեան մասին որպէս  հաշտութեան ուղեւորութիւն եղբայրութեան հաղորդութեան մէջ, ու ասկէ մեկնելով շեշտը կը դնէ իրար յարգանքի վրայ ու զիրար որպէս եղբայրներ ճանչնալու հարկաւորութեան վրայ, հիմնուելով Յիսուսի խօսքերուն վրայ. «Եթէ եղբայրդ դէմդ մեղանչէ ներէ իրեն ոչ թէ եօթը անգամ այլ եօթանասուն անգամ եօթը»։

«Սորվիլ ապրիլ ներումի մէջ, մեր մէջ կ՛աճեցնէ կարողութիւնը դառնալու խաղաղութեան մարդիկ եւ կիներ» կը գրէ Սրբազան Պապը այս իրականութիւնը վերագրելով ոչ միայն ընկերային  միջավայրին այլեւ քաղաքականութեան։

Բնապահպանական դարձ

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամի վերջընթեր մասը  կը յատկացնէ բնապահպանական դարձի ուղեւորութեան,  հաստատելով որ կարիքը կայ այդ դարձին։

Մատնանշելով Ամազոնեան տարածաշրջանիnն հայող գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, քահանայապետը կ՛ընդգծէ անորմէ բխած կոչը, դիտել տալով որ «երկրի զանազան կեանքի ձեւերը ու անոր բնական կենսամիջոցները մեզի տրուած են որպէսզի զանոնք պահպանենք ու աճեցնենք, ու այս մէկը մեզ կը մղէ նոր հայեացք ունենալու ու նոր ձեւ որոնելու, ապրելու համար հասարակաց տան մէջ, յարգելով ընկալուած կեանքը ու մտահոգուելով ապագայի իրականութեամբ ու համայն մարդկային ընտանիքի հասարակաց բարիքի զարգացումով։

Խաղաղութիւնը կարելի է յոյսով

Պատգամի աւարտին Նորին Սրբութիւնը կը շեշտէ թէ կարելի է շատ բաներու ձգտիլ երբ կը յուսանք, ու կարելի չէ խաղաղութիւնը ձեռք բերել եթէ յոյս չունինք։

Ասոր համար պէտք է ամէնէն առաջ հաւատալ խաղաղութեան կարելիութեան, հաւատալ որ ուրիշը նաեւ ունի խաղաղութեան մեր միեւնոյն կարիքը։ Պէտք է յաղթահարել մեր մարդկային վախերը ու դիմել Աստուծոյ սիրոյն, մենք մեզ նկատելով կարիքաւոր զաւակներ։

Եղբայրներու միջեւ հանդիպումի մշակոյթը կը խափանէ սպառնալիքի մշակոյթը ամէն մէկ հանդիպում դարձնելով Աստուծոյ վեհանձն սիրոյ պարգեւ մը։

Քրիստոսի աշակերտներուն համար այս ուղեւորութիւնը առաջնորդուած է «Հաշտութեան Խորհուրդէն», զոր Տէրը մեզի պարգեւեց որպէս մեղքերու թողութիւն։ Եւ այդ խորհուրդը մեզ կը կոչէ մեր աչքերը սեւեռելու Յիսուսին որ մեզմէ կը պահանջէ մէկդի դնել մտքերու, խօսքերու ու գործերու բռնութիւնը, ըլլայ մեր մերձաւորին ըլլայ արարչութեան նկատմամբ։

Աստուծոյ շնորհքը կը պարգեւուի սիրով եւ առանց պայմաններու։ Երբ ընդունինք ներումը մենք եւս կարող ենք զայն նուիրել մեր ժամանակի մարդոց եւ կիներուն։ Ամէն օր Սուրբ Հոգին մեզի կը յանձնարարէ խօսքեր ու վերաբերմունքներ, որպէսզի դառնանք արդարութեան եւ խաղաղութեան արհեստաւորներ։

Թող որ խաղաղութեան Աստուածը մեզ օրհնէ ու հասնի մեր օգնութեան եւ թող որ Մարիամ՝ խաղաղութեան Իշխանին Մայրն ու Մայրը երկրի բոլոր ժողովուրդներուն, մեզ առաջնորդէ ու մեզի թիկունք կանգնի, հաշտութեան ուղեւորութեան մէջ։ Եւ թող որ ամէն մէկ անհատ որ աշխարհ կու գայ կարողանայ ճանչնալ խաղաղ  կեանք մը ու լիապէս զարգացնէ սիրոյ եւ կեանքի խոստումը որ կը կրէ իր մէջ։

Տուեալ ի Վատիկան 8 դեկտեմբեր 2019-ին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2019, 12:00