Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ Մուքաչեւոյի Բիւզանդածէս թեմի ուխտաւորներուն հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ Մուքաչեւոյի Բիւզանդածէս թեմի ուխտաւորներուն հետ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ Մուքաչեւոյի Բիւզանդածէս թեմի ուխտաւորներուն հետ։

«Մուքաչեւոյի Եկեղեցին մայր է բազմաթեւ մարտիրոսներու, որոնք իրենց արեամբ փաստեցին իրենց հաւատարմութիւնը Քրիստոսի, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու Հռոմի Եպիսկոպոսին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 11 դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, նախ քան Հրապարակային ունկնդրութիւնը գլխաւորելը, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ  հանդիպում ունեցաւ Ուկրանիայի Մուքաչեւոյի Բիւզանդածէս թեմի հաւատացեալներուն հետ որոնք ուխտագնացութեամբ Հռոմ եկած են, իրենց եկեղեցւոյ ապօրինութենէն դուրս գալու  30 ամեակին առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Անոնց ուղղած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով ուխտագնացութեան նպատակին գոհաբանութիւն մատուցեց Տիրոջ որ իր զօրեղ ձեռքով ազատած է եկեղեցին սովետական բռնատիրութենէն։

«Մուքաչեւոյի Եկեղեցին մայր է բազմաթեւ մարտիրոսներու, որոնք իրենց արեամբ փաստեցին իրենց հաւատարմութիւնը Քրիստոսի, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու Հռոմի Եպիսկոպոսին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յատուկէն յիշելով,Երանելի Թէոդոր Ռոմցա նահատակ եպիսկոպոսը, որ խաւար պահերու ընթացքին գիտցաւ Աստուծոյ Ժողովուրդը առաջնորդել Աւետարանի իմաստութեամբ ու քաջութեամբ, «նման Բարի Հովիւին, իր կեանքը տալով ոչխարներուն համար» ըսաւ Սրբազան Պապը յիշելով նաեւ ներկաներուն ծնողները մեծ պապիկ մամիկները որոնք փոխանցեցին Քրիստոսին ճշմարտութիւնը ու ապագայի սերունդներուն նուիրեցին հաւատքի խօսուն վկայութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն Յիսուս Քրիստոսի նկատմամբ հաւատարմութեան համար, հրաւիրելով զանոնք վերանորոգելու Յիսուսն հետ անձնական հանդիպումի յանձնառումը, ապա հայցեց Տիրոջ հովանին, որպէսզի Ան Մուքաչեւոյի Թեմը պահպանէ չարի սպառնալիքներէն ու անոր պարգեւէ բարօրութեան շնորհքներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց մատնանշելով Սուրբ  Ծննդեան տօնին ու բոլորին մաղթեց Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։ «Թող որ Աստուածորդին ծնի ձեր սրտերուն մէջ» ըսաւ Ան խնդրելով որ իրեն ողջոյնները տանին բոլոր իրենց հարազատներուն ու յատկապէս մանուկներուն, տառապողներուն  ու հիւանդներուն։

«Մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար. Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2019, 10:00