Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած մի քանի դեսպանները։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած մի քանի դեսպանները։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած մի քանի դեսպաններուն։

Սեյշելի, Մալիի, Անտորրայի, Քենիայի, Լաթուիայի եւ Նիճերի դեսպանները ներկայացուցին իրենց հաւատարմագրերը.

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 19 դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց  Սեյշելի, Մալիի, Անտորրայի, Քենիայի, Լաթուիայի եւ Նիճերի դեսպանները իրենց հաւատարմագրերու ներկայացման առիթով եւ անոնց ուղղած իր ճառին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնելով զանոնք ընդունելուն համար Քահանայապետը ակնարկեց Խաղաղութեան Իշխանի Սուրբ  Ծննդեան տօնին, զոր աշխարհի համայն քրիստոնեաները կը պատրաստուին տօնախմբել մօտ օրէն։

Ունկնդրէ լուրը

Խաղաղութիւնը, ըսաւ Սրբազան Պապը, համայն մարդկային ընտանիքի ձգտումն է։ Յոյսի ճանապարհորդութիւն է որ կը ներառէ նաեւ երկխօսութիւնը, հաշտութիւնը ու բնապահպանական դարձը (2020 Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատգամ)։

«Աշխարհի մը մէջ որ յատկանշուած է տարածաշրջանային,  միջազգային ու քաղաքացիական հակամարտութիւններով, ընկերային բաժանումներով ու անհաւասարութիւններով, էական է դիմել ազնուութեան եւ ճշմարտութեան վրայ հիմնուած կառուցողական եւ ստեղծագործ  երկխօսութեան, նպատակ ունենալով աւելիով խթանել եղբայրական զօրակցութիւնը անհատներու միջեւ ու համաշխարհային հասարակութեան ներքոյ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ Եկեղեցին յանձնառու է համագործակցելու բոլոր պատասխանատու գործընկերի հետ, խթանելու համար համայն ժողովուրդներու եւ ամէն մէկ անհատի բարիքը։

«Յոյսս է որ ձեր առաքելութիւնը սատարէ ոչ միայն ամրապնդելու ձեր երկիրներու եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւնները, այլեւ սատարէ կառոցելու աւելի արդար ու խաղաղ աշխարհ մը, ուր մարդկային կեանքը, արժանապատւութիւնն ու իրաւունքները յարգուած ըլլան ու արժեւորուած» նշեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով որ «դէպի խաղաղութիւն ճանապարհը կը սկսի հաշտութեան նկատմամբ բացուածքէն։ Կը նշանակէ հրաժարիլ ուրիշներու վրայ գերիշխելու իղձէն ու սորվիլ իրարու նայիլ որպէս անձեր, որպէս  Աստուծոյ զաւակներ, որպէս եղբայրներ»։

Սրբազան Պապը յանձնարարեց մէկդի դնել անտարբերութիւնն ու վախը ու երաշխաւորել ընդելուզման մշակոյթ մը, արդար տնտեսական համակարգ առիթ ընծայելով բոլորին մասնակցելու ընկերային ու քաղաքական կեանքին։

Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկեց ապա աշխարհին սպառնացող անարդարութեան իրավիճակներուն, խտրականութեան, աղքատութեան եւ անհաւասարութեան, դիտել տալով որ միշտ աւելիով խաղաղութիւնը խոչընդոտուած է նաեւ հասարակաց տան յարգանքի պակասի բերումով ու յատկապէս, բնական կենսամիջոցներու ապօրինի չարաշահումէ ու ասկէ մեկնելով ակնարկեց աշխարհին դիմաց կայացած բնապահպանական մարտահրաւէրներուն  ու այդ ուղղութեամբ վերջերս Վատիկանի մէջ կայացած Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի կոչին եւ յանձնառումին՝  Երկիրն ու անոր կենսամիջոցները մատակարարելու  պատասխանատու  կերպով։

Այս մէկը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, պահանջուած է  տարբեր մակարդակներու վրայ, ու հասարակաց տունի հասարակական բարիքը պահանջը ունի համագործակցութեան ջանքերու յառաջացնելու համար կեանքի ծաղկումը ու մարդկային կեանքի իւրաքանչիւր անդամի համապարփակ զարգացումը։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ներկայ դեսպաններուն մաղթեց բարի աշխատանք ու ապահովեցուց Հռոմի Քուրիայի  տրամադրութիւնը անոնց օգնելու իրենց առաքելութեան մէջ հուսկ բոլորին վրայ հայցեց ուրախութեան եւ խաղաղութեան աստուածային օրհնութիւնները Սուրբ Ծննդեան տօներու բարեմաղթանքներու հետ միասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2019, 10:30