Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Աթէնքի մէջ քրիստոնէական հաւատքի տարածումը։ Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւն։

Սուրբ Հոգիէն հայցենք կարողութիւնը՝ նրբութեամբ փոխանցելու համար հաւատքի պատգամի մշակոյթը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հետեւաբար Պօղոս կայնեցաւ Արիսպագոսի մէջ եւ ըսաւ. «Աթենացի՛ մարդիկ, կը նշմարեմ թէ ամէն ինչով չափազանց կրօնասէր էք:  Քանի որ ես շրջելով ու ձեր պաշտամունքը զննելով՝ գտայ զոհասեղան մը, որուն վրայ գրուած էր. «Անծանօթ Աստուծոյն»: Ուստի ա՛ն՝ որմէ դուք կ՚ակնածիք առանց ճանչնալու, ես զա՛յն կը հռչակեմ ձեզի:

Ունկնդրէ լուրը

Շարունակելով Գործ առաքելոցի մասին խորհրդածութիւնները Ֆրանչիսկոս Պապ չորեքշաբթի 6 նոյեմբերին խօսեցաւ Սուրբ Պօղոսին Աթէնքի մէջ քարոզութեան մասին։

«Պօղոս առաքեալի հոգին գրգռուած էր իր մէջ, տեսնելով քաղաքը՝ լեցուած կուռքերով» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, նշելով որ հեթանոսութեան հետ անոր շփումը փոխանակ զինք հեռացնելու այն վայրէն, զինք մղեց որոնելու միջոց մը՝ կամուրջ մը, որպէսզի կարենար երկխօսութեան մէջ մտնել այդ մշակոյթին հետ։

«Այսպէսով Պօղոս  կը սկսի յաճախել քաղաքին ժողովարանը, ապա քաղաքին հրապարակը հուսկ Արիսպագոսը որ քաղաքի մշակոյթին ու քաղաքականութեան  խորհրդանիշն էր։ Ան կը հանդիպի հրեաներու, քանի մը Եպիկուրեան եւ Ստոյիկեան փիլիսոփաներու ու այլ մարդոց։ Ան Աթէնքը կը դիտէ ոչ թէ թշնամութեան աչքերով  այլ հաւատքի աչքերով։ 

Պօղոս կ՛ընտրէ հայեացքը որ զինք կը մղէ ճեղք մը բանալու հեթանոսական աշխարհի եւ Աւետարանի միջեւ» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Պօղոս ներշնչում քաղելով քաղաքի մէջ «անյայտ աստուծոյն» նուիրուած խորանէն, կը հռչակէ թէ  Աստուած կ՛ապրի իրենց միջեւ։ «Ան է որ ստեղծեց աշխարհը եւ անոր մէջ եղած բոլոր բաները, ի՛նք՝ որ Տէրն է երկինքի ու երկրի, ո՛չ կը բնակի ձեռակերտ տաճարներու մէջ,  ո՛չ ալ կը խնամուի մարդոց ձեռքով՝ իբր թէ որեւէ բանի կարօտ ըլլար. քանի որ ի՛նք կու տայ բոլորին կեանք, շունչ, եւ ամէն ինչ:  Մէ՛կ արիւնէ ստեղծեց մարդոց բոլոր ազգերը՝ որպէսզի բնակին ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ….Արդարեւ անո՛վ կ՚ապրինք, կը շարժինք եւ կանք»։

Պօղոս հրաւէր կ՛ուղղէ դիմելու ապաշխարութեան ու դարձի. «Եւ հիմա Աստուած, անտեսելով այս անգիտութեան ժամանակները, ամէնուրեք կը պատուիրէ բոլոր մարդոց՝ որ ապաշխարեն:  Որովհետեւ սահմանած է օր մը, երբ պիտի դատէ երկրագունդը արդարութեամբ՝ իր որոշած մարդուն միջոցով. եւ այս մասին հաւաստիք տուաւ բոլորին՝ մեռելներէն յարուցանելով զայն»:

Երբ ներկաները լսեցին մեռելներու յարութեան մասին՝ ոմանք ծաղրեցին, իսկ ուրիշներ ըսին. «Այս մասին դարձեալ մտիկ պիտի ընենք քեզի»:  Այսպէս Պօղոս մեկնեցաւ անոնց մէջէն: Սակայն քանի մը մարդիկ յարեցան իրեն, ու հաւատացին. անոնց մէջ էին Դիոնեսիոս Արիսպագացին, Դամարիս անունով կին մը, եւ իրենց հետ ուրիշներ:

«Այր ու կին մը որոնց միջոցաւ Աւետարանը երկու ձայնով ծիլ առաւ նաեւ Աթէնքի մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց որ  մենք եւս այսօր դիմենք Սուրբ Հոգիին,  Անորմէ հայցելով որ մեզի սորվեցնէ կամուրջներ կառուցել, մշակոյթին անոր որ չի հաւատար եւ կամ մեզմէ տարբեր հաւատք ունի։

Սուրբ Հոգիէն հայցենք  կարողութիւնը՝ նրբութեամբ փոխանցելու համար հաւատքի պատգամի մշակոյթը, հայեցողական ակնարկ ուղղելով բոլոր անոնց վրայ որոնք կ՛ապրին անտեղեակ Քրիստոսէն, ակնարկ որ մղուած ըլլայ այնպիսի սէրէ մը որ կարողանայ ջերմութիւն տալ նոյնիսկ  ամենակարծր սրտերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2019, 09:44