Որոնել

Ալպանիայի մէջ երկրաշարժ Ալպանիայի մէջ երկրաշարժ 

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնն ու աղօթքը Ալպանիային։

Մօտիկ եմ զոհերուն, կ՛աղօթեմ մեռելներուն, վիրաւորներուն ու անոնց ընտանիքներուն ամար. Թող Տէրը օրհնէ այս ժողովուրդը որ շատ կը սիրեմ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ալպանիայի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր երկրաշարժին ի լուր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով մը ուզեց իր մօտիկութիւնը յայտնել Ալպանացի ժողովուրդին։

Ունկնդրէ լուրը

Իսկ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտի, Նորին Սրբութիւնը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց «Ալպանիայի սիրելի ժողովուրդին», «որ մեծապէս կը տառապի այս օրերուն» ըսաւ Սրբազան Պապը ու աւելցուց «Ալպանիան եղաւ առաջին եւրոպական երկիրը զոր ուզեցի այցելել։ Մօտիկ եմ զոհերուն, կ՛աղօթեմ մեռելներուն, վիրաւորներուն ու անոնց ընտանիքներուն ամար։ Թող Տէրը օրհնէ այս ժողովուրդը որ շատ կը սիրեմ»։

Վերջին տուեալներու համաձայն երկրաշարժի հետեւանքով մահացած են 26 անձինք ու կան աւելի քան 600 վիրաւորներ, մինչ այլ 20 անձ կը մնան անյայտ ճակատագրով։

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ զոհերուն համար հայցելով Աստուածային ողորմութիւն, համայն Ալպանացի ժողովուրդը յանձնեց Ամենակալի սիրառատ նախախնամութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2019, 11:02