Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Որպէս պարգեւ ապրուած կեանքը՝ արժէքաւոր է». Ֆրանչիսկոս Պապ

Նոյեմբեր ամիսը նուիրուած է մեռելներու յիշատակին ու անոնց համար աղօթքին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 6 նոյեմբեր 2019-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն մաղթելով  որ Նոյեմբեր ամիսը որ նուիրուած է մեռելներու յիշատակին ու անոնց համար աղօթքին, բոլորին համար ըլլայ առիթ վերամտածելու մարդկային գոյութեան ու յաւիտենական կեանքի իմաստը։

Ունկնդրէ լուրը

«Այս ժամանակը ըլլայ ժամանակ քաջալերանքի՝ հասկնալու համար որ կեանքը ունի մեծ արժէք եթէ ան ապրուի որպէս պարգեւ, ոչ միայն մեր անձին համար, այլ Աստուծոյ եւ մերձաւորին համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Մինչ Միջին Արեւելքէն ժամանած հաւատացեալներուն ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Պապը բարի գալուստ մաղթելով անոնց ըսաւ. Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մեր ժամանակներու բազմաթիւ տառապանքներուն դիմաց, հայցենք Տիրոջմէն որ մեզ դարձնէ կամուրջ կառուցողներ ու բանայ մեր սրտերը՝  անպաշտպաններու, աղքատներու, գործազուրկ ու թշուառութեան մէջ ապրող մարդոց կարիքներուն դիմաց, ինչպէս նեաւ անոնց դիմաց որոնք կը բախեն մեր դռները՝ հացի, ապաստանի ու արժանապատուութեան ճանաչումի փնտռտուքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2019, 11:01