Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի«Զօրակցութիւնը լաւագոյն զէնքն է պատմութիւնը փոխել կարենալու համար:»

Ֆրանչիսկոս Պապին 28 նոյեմբերի թուիթը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 28 նոյեմբերին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը քահանայապետական թուիթըրի կայքին վրայ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն պարունակութիւնը քաղուած է անցեալ սեպտեմբեր ամիս, Մափութօ մայրաքաղաք կատարած,  առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս երիտասարդներուն միջկրօնական հանդիպումի ընթացքին արտասանած  ճարէն :

Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն հասցէին ուղղած քաջալերանքին խօսքին մէջ գրած է .

 «Որքան կարեւոր է սորվիլ ունենալ՝ ձեռնտու եւ բարեկամական ձեռք մը: Ջանացէք աճիլ բարեկամութեան մէջ, նաեւ անոնց հետ, որոնք ձեզմէ տարբեր կերպով կը մտածեն ,որպէսզի ձեր միջեւ զօրակցութիւնը աճի եւ դառնայ լալագոյն զէնք՝ պատմութիւնը փոխել կարենալու համար:»  Գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ թուիթըին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2019, 13:30