Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան եկեղեցւոյ մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան եկեղեցւոյ մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը, Լատերանի Տաճարի նուիրուած Ս. Պատարագի ընթացքին

Աստուած կʼուզէ որ իր տաճարը ըլլայ աղօթքի տուն բոլոր ժողովուրդներուն համար (հմմտ Ես ԾԶ 7)

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 9 նոյեմբերի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Լատերանի տաճարին մէջ եւ քարոզին մէջ մեկնաբանեց օրուան սուրբգրային ընթերցուածը։

Ունկնդրէ լուրը

Յիշելով 45րդ Սաղմոսի խօսքերը՝ «Գնացք գետոց ուրախ առնեն զքաղաքն Աստուծոյ. եւ սուրբ արար զյարկս իւր Բարձրեալն» (Սղմ ԽԵ. 5), Սրբազան Հայրը ըսաւ թէ այս խօսքերը կը նկատէ ուղղուած Հռոմ քաղաքի բնակիչներուն։ «Այն քրիստոնեաները որոնք այս քաղաքին մէջ կʼապրին, նման են այն գետին որ կը բխի տաճարէն. անոնք կը կրեն կեանքի եւ յոյսի Խօսքը, որ կարող է արգասաւորել սրտերու անապատները, ինչպէս այն հոսանքը որ նկարագրուած է Եզեկիէլ մարգարէի 47րդ գլխուն մէջ, որ կʼարգասաւորէ անապատը եւ կը բուժէ աղի ջուրերը։ Կարեւոր է որ ջուրի հոսանքը բխի տաճարէն եւ ուղղուի դէպի թշնամական հողեր։ Քաղաքը անպայման պիտի ուրախանայ երբ տեսնէ քրիստոնեաները վերածուած ուրախ քարոզիչներու, վճռակամ բաժնեկցելու ուրիշներու հետ Աստուծոյ Խօսքին գանձերը եւ նուիրուիլ հասարակաց բարիքին։ Այն հողը որ նկատուած էր ցմիշտ ըլլալու երաշտ, կը բացայայտէ արտասովոր կարողականութիւն. կը վերածուի պարտէզի մը՝ մշտադալար ծառերով եւ բուժիչ տերեւներով ու պտուղներով։ Եզեկիէլ մարգարէն կը բացատրէ այդքան արգասաւորութեան պատճառը՝ ʼզի ջուրք նորա ի սրբութեանց ելանիցենʼ (Եզեկ ԽԷ 12)։ Աստուած է նոր կեանքի այս ուժի գաղտնիքը։»

Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ Եկեղեցւոյ նոր աւետարանումին, ուր կարեւոր նկատեց «մերձենալ ուրիշներուն, անոնց հետ երկխօսութեան մէջ մտնել, լսել խոնարհութեամբ, երախտագիտութեամբ եւ սրտի աղքատութեամբ»։ Սակայն այս բոլորը ապրիլ ոչ իբր ծանր բեռ, այլ հոգեւոր հեշտութեամբ։

Խօսքը ուղղելով քահանաներուն, Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Կորնթացիներուն ուղղուած առաջին նամակէն առնուած ընթերցուածին, ուր Պօղոս առաքեալ կʼըսէ. «Ոչ ոք կրնայ տարբեր հիմ մը դնել քան այն հիմէն որ արդէն դրուած է, այսինքն՝ Յիսուս Քրիստոս» (Ա Կոր Գ 11)։ «Այս պէտք է ըլլայ ձեր պարտականութիւնը, ձեր ծառայութեան սիրտը. օգնել համայնքին որ մնան միշտ Տիրոջ մօտ, լսելու համար Խօսքը։ Հեռու պահել համայնքը ամէն տեսակի աշխարհիկութենէ, չար զիջումէ. պահել հոգեւոր շէնքի հիմը եւ սուրբ արմատը. պաշտպանել զայն գիշատիչ գայլերէն, անոնցմէ որոնք կʼուզեն շեղել Աւետարանի ճանապարհէն։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ կʼըսէ, դուք նաեւ ʼիմաստուն ճարտարապետներʼ էք (հմմտ Ա Կոր Գ 10). իմաստուն, որովհետեւ գիտակից թէ որեւէ այլ գաղափար կամ իրականութիւն որ պիտի ուզէինք դնել իբր Եկեղեցւոյ հիմ, փոխանակ Աւետարանին, կրնար թերեւս աւելի յաջողութիւն ապահովել, եւ կամ թերեւս անմիջական գոհունակութիւն, սակայն անխուսափելիօրէն պիտի բերէր ամբողջ հոգեւոր շէնքի կործանումը։» Սրբազան Հայրը շարունակեց գոհունակութեամբ եւ դրուատիքով խօսիլ քահանաներու տարած աշխատանքին եւ ջանքերուն մասին, եւ ապա խօսքը ուղղեց եպիսկոպոսներուն որոնք ընդունած են որոշ յանձնարարութիւն մը։ Ան յիշեցուց Յովհաննէսի Աւետարանի խօսքերը ուր Յիսուս տաճարէն դուրս կը վտարէ անոնք որոնք առեւտուրով կը զբաղէին (հմմտ Յովհ Բ 13-22)։ Սրբազան Հայրը աւելցուց. «մարդոց բթամտութիւնը ցնցելու եւ արմատական փոփոխութիւններու հանգեցնելու համար, Աստուած երբեմն կը գործէ բուռն կերպով, որպէսզի իրավիճակը կասեցնէ։ Իր արարքով Յիսուս կʼուզէ փոխել ընթացքը եւ առաջանել ուղղութեան ետդարձ մը։ Նոյն ոճով կը գործէին շատ մը սուրբեր. անոնց որոշ վարմունքները՝ անհասկնալի մարդկային տրամաբանութեան մը, արգասիքն էին Հոգիի ներշնչած գաղափարին եւ նպատակ ունէին դրդել իրենց ժամանակակիցները եւ օնել անոնց որ հասկնան, թէ ʼիմ մտքերը ձեր մտքերը չենʼ (Ես ԾԵ 8)։»

Սրբազան Պապը աւելի խորացաւ Յովհաննէսի Աւետարանի յիշեալ դրուագին վրայ։ Ան շեշտեց, թէ Աստուած կʼուզէ որ իր տաճարը ըլլայ աղօթքի տուն բոլոր ժողովուրդներուն համար (հմմտ Ես ԾԶ 7)։ Յիսուսի կատարած մաքրագործումը անհրաժեշտ էր որպէսզի ժողովուրդը ճանչնայ անոր կոչումը՝ ըլլալ լոյս բոլոր ժողովուրդներուն համար։ Յիսուս գիտէր, թէ այդ արարքը իրեն «սուղի պիտի նստէր», ինչպէս կը տեսնենք անոր պատասխանին մէջ. «քակեցէք այդ տաճարը եւ ես երեք օրէն պիտի վերականգնեմ զայն»։ Սրբազան Հայրը յորդորեց, որ եպիսկոպոսները Յիսուսի այս օրինակով գործեն երբ կը կատարեն իրենց ծառայութիւնը. գտնեն «նոր ճանապարհներ՝ մերձենալու համար անոնց, որոնք հեռու են հաւատքէն եւ Եկեղեցիէն»։

Վերջապէս, Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեցուց, թէ «երբեմն անվստահութեան եւ թշնամանքներու պիտի հանդիպինք» նոր աւետարանումի առաքելութեան մէջ. սակայն «պէտք չէ խափանուիլ, ալ պահպանել այն համոզումը թէ Աստուծոյ բաւարար են երեք օրեր՝ յարուցանելու համար իր Որդին մարդու սրտին մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2019, 19:00