Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Պանքոկի մայր տաճարէն ներս:

Տէրը մեզմէ առաջ կը հասնի: Երթանք եւ Տէրը դիմաւորենք:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 22 նոյեմբերին, Թայլատնի ժամանակացոյցով, յետմիջօրէին ժամը, 5,00-ին, Իտալիոյ ժամով, առաւօտեան ժամը 11,00ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պանքոկի Վերափոխման Մայր տաճարէն ներս մատուեց Սուրբ Պատարագ՝ ներկայութեամբ հազարաւոր հաւատացեալներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պատարագին ընթացքին ներկայացուցած քարոզը կեդրոնացնելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումին վրայ, ուր կը խօսուի 10 իմաստուն կոյսերուն մասին,  նկատել տուաւ, որ աւետարանի այսօրուան հատուածը հրաւէր մընէ էուղեւորութեան մէջ մտնելու եւ ապագային սեւեռելու՝ հանդիպելու համար այն ամենէն գեղեցիկ իրողութեան, որ է Յիսուսի վերջնական գալուստը՝ մեր կեանքէն եւ մեր աշխարհէն ներս:

«Մեծ ուրախութեամբ եւ սիրով ողջունենք Տիրոջ Գալուստը մեր մէջ ըսաւ» Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով նաեւ, որ  Տէրը, մեզմէ  առաջ կու գայ մեզի փնտռելու եւ մեր հետ հանդիպելու համար: Օն յառաջ ընթանանք, որովհետեւ քաջ գիտենք, որ Տէրը մեզի կը սպասէ:

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ,  Տէրը ձեր միջոցաւ, մուտք կը գործէ այս երկիրներուն ապագայէն ներս եւ ձեզի կը վստահի իր առաքելութիւնը:  Տէրը ինչպէս, որ ծրագիր ունէր իր ընտրեալ ժողովուրդին համար, այսպէս նաեւ ծրագիր մը ունի, իւրաքանչիւրիդ համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ Յիսուսի  իմաստուն կոյսերուն առակը օրինակ է նաեւ բոլոր քրիստոնեաներուն, որոնք մեծ խանդավառութեամբ կ՝ուզեն իրենց մասնակցութիւն բերել Տիրոջ Թագաւորութեան եւ այդ ուրախութիւնը կիսել ուրիշներուն հետ: Այնուհետեւ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց երիտասարդները միշտ վառ պահել այն հուրը, որ կը լուսաւորէ դժուարութիւններով լի  խաւար գիշերը: Եւ  այդ հուրը վառ պահելու համար, պէտք է ամրապնդենք ՝ տարեցներէն, վարդապետներէն ժառանգած հաւատքը,  սորվելով անոնցմէ այն  քաջութիւն, որ կ՝օժանդակէ պատասխանելու նոր պատմական կացութիւններուն:    

Ֆրանչիսկոս Պապ  քաջալերեց հաստատ մնալ  եւ ամրապնդել հաւատքի արմատները, որովհետեւ առանց այս արմատները զօրացնելու իմաստին,  յուսախաբ պիտի մնանք այս աշխարհի ձայներէն, որոնք գրաւական են ե  մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն:  Ան նշեց, որ  այս աշխարհի  ձայներուն մեծամասնութիւնը կախարդական առաջարկներ կը ներկայացնեն, առաջարկնե,ր որոնք սկիզբը գեղեցիկ կը նկատուին, սակայն ժամանակին ընթացքին,  վերջ կը գտնեն դատարկութիւն , յոգնութիւն, մենակութիւն պատճառելով:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը հրաւիրելով երիտասարդները, որ իրենց արմատները դնեն Քրիստոսին վրայ, հրաւիրեց միշտ ուրախ մնալ եւ երբեք չվախենալ ապագային վստահութեամբ սեւեռելու  այն գիտակցութեամբ, որ Տէրը մեզի կը սպասէ՝ պատրաստելու եւ տօնախմբելու համար Իր Թագաւորութեան տօնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2019, 11:30