Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Եկեղեցին կը տառապի վիրաւորուած ընտանիքներուն հետ, թող պսակեալները միսիոնարներ դառնան»:

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եկեղեցական ատեանի, ամուսնութեան պաշտպանութեան համար դասընթացքին մասնակիցները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 30նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց, Հռոմի եկեղեցական ատեանին կողմէ կազմակերպուած, տագնապի մէջ գտնուող ամուսնացեալ զոյգերու պաշտպանութեան եւ հովուական խնամակալութեան  հայող դասընթացքին մասնակիցները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ճարին մէջ նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Պսակի խորհուրդի պաշտպանութեան եւ վիրաւորուած զոյգերու հովուական ծառայութեան վրայ:

Անդրադառնալով ամուսնացեալ զոյգերու նկատմամբ, եկեղեցւոյ մայրական յատուկ կորովին,  ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց վերոնշեալ դասընթացքին մասնակիցները,  մօտէն ծանօթանալու տագնապի մէջ ապրող զոյգերուն նկատել տալով որ անոնք ծարաւը ունին  անհատական եւ ամուսնական կեանքի երջանկութեան:

Ան նշեց, որ ամուսնական կեանքի վէրքերը հետեւանքն են շատ մը պատճառներուն՝ հոգեբանական, ֆիզիկական, մշակութային պատճառներուն եւ շատ անգամ այդ վէրքերը յառաջ կու գան մարդկային սիրտի փակումէն եւ բոլորիս սիրտին դպչող մեղքերէն:

Եւ այս պատճառաւ եկեղեցին սփոփանքի իւղող կը մօտենայ խոցուած զոյգերուն,՝ ամոքելու համար անոնց ցաւերն ու իր ուսերուն վրայ կրելու անոնց տառապանքները:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտեց, որ Եկեղեցին  անկողմնակալութեամբ եւ առարկական ձեւով  պէտք մօտենայ տառապող զոյգերուն,  որոնելու համար զոյգերուն հարցերու ճշմարտութիւնը:

Ան յորդորեց, եկեղեցական որեւէ դատ դիմագրաւել՝ ապաւինելով միշտ Սուրբ Հոգիին, որպէսզի Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ, արդարութեամբ եւ իմաստութեամբ քննարկուին հարցերը՝ զատորոշում եւ դատողութիւն կատարելու համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ,որ ամուսնացեալ զոյգերը եւս պէտք չեն մոռնալ, որ իրենք  եւս իբրեւ անհատ եւ իբրեւ զոյգ կանչուած են ընթանալու իրենց հաւատքին մէջ, ընթանալու եկեղեցւոյ մէջ եւ եկեղեցու հետ, վերջապէս ընթանալու դէպի սրբութեան ուղի: Այս կապակցութեամբ  ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց նշանուածներու կազմաւորումի կարեւորութիւնը, անոնց մէջ զարգացնելով քրիստոնէական կոչումը, որ է  դառնալ միսիոնար պսակեալներ, աւետարանի վկաներ՝ ընտանեկան, աշխատանքային եւընկերային կեանքէն ներս վերջապէս հոն ուր Աստուած զիրենք կը կանչէ:

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, անոնց  եկեղեցական եւ ընկերային ոլորտներէն ներս մատուցած ծառայութեան համար,օրհնեց բոլորը, խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2019, 12:12