Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Տէրը ձեր կեանքով պիտի արձանագրէ փրկագործութեան պատմութեան ամենէն գեղեցիկ էջերը»:

ՊԱնքոկի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը կղերական դասի անդամներուն հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 22 նոյեմբերին, Թայլանտի ժամանակացոյցով, առաւօտեան ժամը 10,00ին, մինչ Իտալիոյ ժամանակացոյցով, առաւօտեան 4,00ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը այցելեց Սուրբ Պետրոս անուան ժողովրդապետութիւնը, ուր հանդիպում ունեցաւ քահանաներուն, սարկաւագներուն, նորընծաներուն, կրօնուսոյցներուն հետ:

Ունկնդրէ լուրը

Կղերական դասի անդամներուն փոխանցած իր սրտի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով հանդիպումի ներկայ գտնուող քոյր Պենետեթային տուած վկայութեան, շնորհակալութիւն յայտնեց մայրապետին եւ բոլոր  կղերականներուն- անոնց  կատարած հաւատարմութեամբ եւ նուիրուածութեամբ անխոնջ աշխատանքներու համար, աշխատանք որ յոյսի խոստում եւ կորով կը ներշնչէ հաւատացեալներուն կեանքի մէջ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ տարեցներուն, որոնք չկարողացան ներկայ գտնուիլ հանդիպումին,  խնդրելով որ իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցեն անոնց:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով կոչումին վրայ նշեց, թէ  իւրաքանչիւր կոչումի մը պատմութիւնը նշուած է ներկայութենէ մը, ներկայութիւն մը, որ  օգտակար դարձաւ բացայայտելու եւ զատորոշելու Սուրբ Հոգիին հուրը: Եւ այս պատճառաւ  Սրբազան ՀԱյրը յոյժ կարեւոր նկատեց  երախտապարտ ըլլալ այդ ներկայութիւններուն նկատմամ, հաստատելով «Երախտագիտութիւնը զօրեղ զէնք մըն է »:

Լոկ՝ երախտապարտ ըլլալով՝ ստացած, եղբայրսիրութեան վստահութեան ժեսթերուն համար,  ինչպէս ներողամտութեան, համբերութեան ժեսթեր, այն ժամանակ թոյլ պիտի տանք Սուրբ Հոգիին, որ մեզի պարգեւէ թարմ օդ,  որ կարող է վերանորոգելու մեր կեանքն ու առաքելութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ ակնարկելով քոյր Պենետեթթայի տուած վկայութեան, յարեց թէ Քոյր Պենետեթթան, հրապուրուելով Տիրամօր սրբապատկերին մը գեղեցկութենէն, Տիրամօր յատուկ նայուածքէն, Աստուածամայրը ներթափանցելով անոր սիրտին մէջ արթնցուց Զինք աւելի լաւ ճանչնալու փափաքը: Ամէն ինչ սկիզբ առաւ նայուածքէ մը, հրապուրիչ նայուածքէ մը, ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ :   

Ան ապա Պապ շեշտեց, որ Նուիրեալ կեանք մը, երբ կարող չէ ամէն օր անակնկալի մատնուելու,, ուրախանաու ու ողբալու՝ ճանապարհի կէսին մնացած կրօնաւորական կեանք է, նկատել տալով որ եկեղեցին չ՝աճիր հոգեորսորդութիւն կատարելով այլ կ՝աճի իր գեղեցկութեամբ, հմայքի կարողութեամբ, որ կարող է կեանքերը լիացնելբւ՝ նոր հրապոյրով եւ ուրախութեամբ՝ հակառակ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն:

Սրբազան Հայր  քաջալերեց չվախնալու Աւետարանի մշակոյթը տարածելէ, որոնելով նոր խորհրդանիշեր, պատկերներ եւ եղանակներ: Պէտք է միշտ նոր ձեւ գտնել, Աւետարանը փոխանցելու համար: Ըսաւ Ան, ապա յորդորեց դուրս ելլել,  հանդիպելու համար ուրիշներուն, բարեկամներուն, ծանօթներուն նկատելով տալով, որ ճամբուն վրայ մեր հանդիպած բարեկամներուն դիմագիծին մէջէն որ  կը բացայայտենք ուրիշին հետ, իբրեւ եղբայր վերաբերելու գեղեցկութիւնը:  Ֆրանչիսկոս Պապ  իր զօրակցութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ամէն օր իրենց կեանքը կը սպառեն՝ եղբայրներուն մէջ Յիսուսի ծառայելով: Այս կատարելով «Դուք կենդանի ողորմածութեան շօշափելի նշան կը հանդիսանաք: Սուրբ Օծեալ իւղին նշան ՝այս աշխարհին մէջ: Եւ սա աղօթքի կարօտ է: Առաքելութիւնը արդիւնաբեր  կը դառայ, շնորհիւ աղօթքին:  Եթէ աղօթքը պակսի, որեւէ աշխատանք ապարդիւն եւ անարժէք կը դառնայ, աղօթքը ամէն բանի կեդրոնն է: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, Ան ապա եզրափակեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով կղերականներուն տուած վկայութիւններուն եւ վեհանձն ծառայութեան համար : «Տէրը ձեր կեանքի միջոցաւ պիտի արձանագրէ փրկագործութեան պատմութեան ամենէն  գեղեցիկ էջերը այս երկիրներուն մէջ:» ըսաւ Սրբազան Հայրը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2019, 09:21