Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Թայլընտի երիտասարդներուն «Կանգ մի առնէք, յանձնառու եղէք երջանկութեան համար»

«Գիտեմ թէ այս գիշեր կազմակերպած էք աղօթքի հսկում մը ու գիտեմ թէ ուրիշներ ընթացքի մէջ են այստեղ գալու համար, երկու երեւոյթներն ալ գեղեցիկ են՝ աղօթել ու ընթացքի մէջ ըլլալ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քեզի կը խրատեմ երկու բան. Գետին մի մնար, վեր կանգնէ անմիջապէս ու կեանքդ բազմոցի վրայ նստած մի ապրիր»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պանքոկի առաքելական նուիրակութեան մէջ արձանագրած լսատեսողական քաջալերական պատգամի մը մէջ զոր ուղղեց Թայլընտի երիտասարդութեան, որ այդ գիշեր հաւաքուած էին միասին՝ աղօթքի հսկում կատարելու համար»։

Ունկնդրէ լուրը

«Գիտեմ թէ այս գիշեր կազմակերպած էք աղօթքի հսկում մը ու գիտեմ թէ ուրիշներ ընթացքի մէջ են այստեղ գալու համար, երկու երեւոյթներն ալ գեղեցիկ են՝ աղօթել ու ընթացքի մէջ ըլլալ» ըսաւ Քահանայապետը թելադրելով «այս երկուքն ալ իրականացնել կենաքին մէջ. բաց սիրտ ունենալ Աստուծոյ նկատմամբ, որովհետև Ան է մեզի ուժ պարգեւողը, ու քալել որովհետև կարելի չէ կանգ առնել կեանքին մէջ»։

«Երիտասարդ մը չի կրնար 20 տարեկանին թոշակաւոր ըլլալ, պէտք է քալէ, միշտ ընթանայ դէպի անդին, միշտ դէպի վեր» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով որ «Բարձունք բարձրանալու  արուեստին մէջ կարեւորը իյնալը չէ այլ գետին չի մնալը»։

Ան ապա դիտել տալով որ անշարժութիւնը երջանկութեան չի տանիր, խրախուսեց երիտասարդները գետին չի մնալ, այլ վերականգնիլ ու կառուցել կեանքը՝ ընթանալով դէպի յառաջ։

«Շարունակէ միշտ վեր ելլել։ Յանձնառու եղիր ու պիտի ունենաս աներեւակայելի երջանկութիւն։ Ես քեզի կը վստահեցնեմ այդ մէկը։ Թող Աստուած Օրհնէ քեզ։ Կ՛աղօթեմ քեզի համար ու դուն նոյնը ըրէ ինծի համար» ըսաւ Քահանայապետը պատգամի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2019, 07:00