Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աղքատները Աստուծոյ աչքերուն առջեւ թանկարժէք են որովհետեւ չեն խօսիր «ես»ի լեզուն».Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Որքան գեղեցիկ պիտի ըլլար եթէ աղքատները մեր սրտերուն մէջ եւս գրաւէին այն տեղը զոր ունին Աստուծոյ սրտին մէջ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 17 նոյեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աղքատներու նուիրուած համաշխարհային երրորդ օրուան առթիւ Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ գլխաւորեց այդ օրուան նուիրուած սուրբ պատարագը ու պատարագէն ետք իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքէն ետք՝ Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս կէսօրուան ճաշը կը կիսէ 1500 աղքատներուն հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց օրուան աւետարանէն քաղուած Յիսուսին Երուսաղէմի տաճարին քանդումի մասին արտասանած խօսքերը  «Ասոնք որ կը տեսնէք, օրերը պիտի գան, երբ քար քարի վրայ պիտի չմնայ. ամէնը պիտի քակուի»:

«Իր այս խօսքով Յիսուս մեզի կը զգուշացնէ թէ գրեթէ ամէն բան վախճան ունի։ Ոչ թէ ամէն բան այլ գրեթէ ամէն բան»ըսաւ Քահանայապետը, դիտել տալով որ Յիսուս կը բացատրէ թէ պիտի քանդուին ոչ թէ վերջնական բաները այլ վերջընթերները այսինքն տաճարը սակայն ոչ Աստուած, թագաւորութիւններն ու մակարդային իրականութիւնները սակայն ոչ մարդը։

«Յիսուս մեզ օգնելու համար մեզ կը զգուշացնէ երկու փորձութիւններէ, առաջինը՝ «անմիջապէս» ի փորձութիւնն է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը արագութեան փորձութիւնը։ «Ամէն ինչ ու անմիջապէսին մէջ տեղ չկայ Աստուծոյ» աւելցուց Ան, եթէ մենք հետապնդենք այդ մէկը, կը մոռնանք այն ինչ որ յաւէրժ է։ Հրապուրուած վերջին հրապոյրով ժամանակ չենք գտներ Աստուծոյ ու մեր մօտ ապրող եղբայրին համար։

Ամէն ինչ ու անմիջապէս ձեռք բերելու իղձը հետապնդելով ետեւ մնացողները յաճախ կը նկատենք մնացորդաց… քանի տարեցներ, քանի նորածիններ, անկարներ ու աղքատներ այսօր անպէտք նկատուած են։ Արագ կ՛ընթանանք առանց մտահոգուելու անոնց ու մեր միջեւ կայացող տարածքին ու առանց նկատելու թէ քիչերու ագահութիւնը աւելով կ՛աճեցնէ շատերու աղքատութիւնը։

Յիսուս որպէս արագընթացութեան հակաթիւն կ՛առաջարկէ հետեւողականութիւնը՝ համբերութիւնը. «Ձեր համբերութեամբ պիտի տիրանաք ձեր անձերուն» կ՛ըսէ Ան,  ու համբերութիւն կը նշանակէ ամէն օր յառաջ ընթանալ մեր հայեացքը ունենալով այն բաներուն վրայ որոնք անանց են, այսինքն Տէրը ու մեր մերձաւորը։ «Եւ ասոր համար համբերութիւնը  Աստուծոյ պարգեւ է» յարեց Սրբազան Պապը ու անդրադարձաւ  երկրորդ փորձութեան «Ես» ի փորձութիւնը։

«Քրիստոնեան որ չի փնտռէր անմիջականը այլ մնայունը, է նաեւ աշակերտ ոչ թէ «ես»ին այլ «քու» ին։ Ան կը հետեւի Յիսուսի ձայնին ու այդ կը նշանակէ  խօսիլ  Յիսուսին լեզուն սիրոյ լեզուն, քու-ի լեզուն» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ  Յիսուսին լեզուն խօսողը այն է որ իր «ես»էն դուրս կու գայ, որ օգնութիւն չի մատուցէր անոր փոխարէնը ընդունելու համար, ու կը ծառայէ առանց փոխհատուցում ակնկալելու։

Աղքատները Աստուծոյ  աչքերուն առջեւ թանկարժէք են որովհետեւ չեն խօսիր« ես»ի լեզուն։

Աղքատներու ներկայութիւնը մեզ կը մղէ ապրելու Աւետարանի մթնոլորտը, ուր երանելի են հոգիով աղքատները։ Առ այդ փոխանակ անհանգստանալու՝ երբ անոնք մեր դռները կը բախեն, ընկալենք անոնց ճիչը որպէս հրաւէր մենք մեր «ես»էն  դուրս ելլելու ու զանոնք ընդունելու Աստուծոյ անոնց նկատմամբ ունեցած միեւնոյն հայեացքով։

«Որքան գեղեցիկ պիտի ըլլար եթէ աղքատները մեր սրտերուն մէջ եւս գրաւէին այն տեղը զոր ունին Աստուծոյ սրտին մէջ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որԱղքատներուն կողքին ապրելով, սպասարկելով անոնց, կը սորվինք Յիսուսին չափանիշը ու կը հասկնանք թէ ինչն է որ կը մնայ եւ ինչն է որ կ՛անցնի։

Մնայունը սէրն է, որովհետեւ Աստուած սէր է, ու աղքատը որ իմ սէրս կը պահանջէ զիս կ՛առաջնորդէ ուղիղ դէպի Աստուած։ Աղքատները կը դիւրացնեն մեր մուտքը երկինք, ասոր համար անոնք նկատուած են երկնքի դռնապանները։ Այժմէն իսկ անոնք մեր գանձն են՝ եկեղեցւոյ գանձը։ Անոնց մէջ պահպանուած է հարստութիւնը որ երկիրը կը կապէ երկնքին, եւ որուն համար կեանքը իսկապէս արժէք ունի՝ այսինքն սէրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2019, 10:32