Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ դատապարտեց Եթովպիայի քրիստոնեաներուն դէմ բռնութիւնները։

«Կը խնդրեմ որ աղօթէք Եթովպիայի մէջ բռնութիւններուն թիրախ բոլոր զոհերուն համար» ըսաւ Քահանայապետը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ցաւ կը յայտնեմ այն բռնութիւններուն համար որոնց թիրախ են Եթովպիայի Թէվահետոյի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ քրիստոնեաները։ Այս սիրեցեալ եկեղեցւոյ ու անոր Պատրիարք՝ սիրելի եղբայր Ապունա Մաթթիասին կը յայտնեմ մօտիկութիւնս ու կը խնդրեմ որ աղօթէք այդ երկրի մէջ բռնութիւններուն թիրախ բոլոր զոհերուն համար»։ Այս եղաւ կոչը ու ցաւի արտայայտութիւնը զոր Ֆրանչիսկոս Պապ փոխանցեց կիրակի 3 նոյեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կայացած կիրակնօրեայ Մարեմեան  աղօթքի աւարտին։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը ապա իր գոհունակութիւնը արտայայտեց ի տես Փուլիա Մարզի Սան Սեվերոյի թեմին ու քաղաքապետարանին միջեւ ստորագրուած համաձայնութեան, որ թոյլ կու տայ արտերու մէջ աշխատող օտարներուն, իրենց Իտալիոյ մէջ կեցութեան որպէս վայր ընտրել Սան Սեվերոյի թեմական կառոյցները, կարելիութիւնը ունենալով արձանագրուիլ որպէս քաղաքի բնակիչներ, կարգի դնելով իրենց փախստականի իրավիճակը։

Սրբազան Հայրը ողջունեց հուսկ տարբեր երկիրներէ ու քաղաքներէ հրապարակ ժամանած ուխտաւորները ապա բոլորին մաղթելով բարի կիրակի հրաժեշտ առաւ անոնցմէ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2019, 12:12