Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 10 նոյեմբերի Մարեմեան աղօթքը։

Յաւիտենական Կեանքը մեր ճակատագիրն է ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով որ մենք կանչուած ենք աւետարանական ընտրանքներու միջոցաւ պատրաստուելու այդ կեանքին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 10 նոյեմբեր 2019-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ որ քաղուած էր Ղուկկաս Աւետարանիչէն (Գլ 20, 27 – 38)։

Ունկնդրէ լուրը

«Այսօրուայ աւետարանական ընթերցումը մեզի կը նուիրէ մեռելներու յարութեան մասին Յիսուսին գեղեցիկ ուսուցում մը»ըսաւ Սրբազան Պապը անդրադառնալով  թէ ինչպէս

Սադուկեցիներէն ոմանք եկան որոնք կը հակաճառեն թէ յարութիւն չկայ, եւ հարցուցին անոր. «Վարդապե՛տ, Մովսէս գրեց մեզի. “Եթէ մէկուն եղբայրը մեռնի՝ կին մը ունենալով, բայց առանց զաւակի, անոր եղբայրը թող առնէ այդ կինը ու զարմ տայ իր եղբօր”: Ուրեմն եօթը եղբայրներ կային: Առաջինը կին մը առնելով՝ անզաւակ մեռաւ: Երկրորդն ալ առաւ այդ կինը եւ ինք ալ անզաւակ մեռաւ: Երրորդն ալ առաւ զայն. նոյնպէս եօթն ալ, ու զաւակ չձգեցին եւ մեռան: Ամենէն ետք կինն ալ մեռաւ: Ուրեմն յարութեան ատեն՝ անոնցմէ որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ, որովհետեւ եօթն ալ ունեցան զայն իբր կին»:

Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Այս աշխարհի որդիները կ՚ամուսնանան եւ ամուսնութեան կը տրուին: Բայց անոնք՝ որ պիտի արժանանան հասնիլ այն աշխարհին ու մեռելներէն յարութեան, ո՛չ պիտի ամուսնանան, ո՛չ ալ ամուսնութեան պիտի տրուին, քանի որ ա՛լ չեն կրնար մեռնիլ. արդարեւ հրեշտակներուն հաւասար են եւ Աստուծոյ որդիներ են, յարութեան որդիներ ըլլալով: Բայց մեռելներուն յարութիւն առնելը՝ Մովսէ՛ս ալ ցոյց տուաւ մորենիին պատմութեան մէջ, երբ կը կոչէ Տէրը՝ “Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը”: Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա՝ ողջերուն, որովհետեւ անոր համար՝ բոլորը կ՚ապրին»

Իր տուած պատասխանով Յիսուս կը հաստատէ թէ կեանքը կը պատկանի Աստուծոյ որ մեզ կը սիրէ ու կը մտահոգուի մեզի համար։ Ու այդ Աստուածը մերելներու Աստուածը չէ այլ ողջերու՝որպէսզի բոլորն ալ ապրին անոր մէջ։

Ահա այստեղ է որ կը յայտնուի յարութեան խորհուրդը ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ ան է նաեւ կեանքի խորհուրդ որովհետեւ կեանքը աւելի հզօր է մահուընէ։

Յաւիտենական Կեանքը մեր ճակատագիրն է ըսաւ  Սրբազան Պապը աւելցնելով որ  մենք կանչուած ենք աւետարանական ընտրանքներու միջոցաւ պատրաստուելու այդ կեանքին։

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը եզրափակեց հացելով Սուրբ Կոյս Մարիամի Բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ ապրելու հաւատամքի մէջ մեր արտասանած խօսքերու հեռանկարով «Հաւատամք ի յարութիւն մեռելոց, ի դատաստանն յաւիտենից հոգւոց եւ մարմնոց, յարքայութիւնն երկնից, եւ ի կեանսն յաւիտենականս»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/11/2019, 12:05