Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ բնիկ ժողովուրդներէ կազմուած խումբ մը անձերու հետ:

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 17 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին, ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ, վատիկանի մէջ  գումարուած  Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսներուն սինոդի մասնակցող  40-է աւելի բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն հետ,  որոնց ընկերացած էին Փորթօ Վելհօ թեմի արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Ռոք Փալոշի եւ Կարդինալ Քլաուտիօ Հումմէս: Այս մասին յայտարարեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն,  տիար  Մաթթէօ Պրունին:
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի է թէ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ բնիկ ժողովուրդներուն միջեւ հանդիպումի  սկիզբը խօսքը առին բնիկ ժողովուրդներուն ներկայացուցիչներ ՝  այր մարդ  եւ կին մը,  որոնք իրենց արտասանած խօսքերուն մէջ  շնորհակալութիւն յայտնեցին  ֆրանչիսկոս Պապին Ամազոնեան  տարածաշրջանի նուիրուած սինոդը գումարելու համար:

Ունկնդրէ լուրը

Բնիկ ժողովուրդներուն ներկայացուցիչները, ֆրանչիսկոս Պապէն խնդրած են որ օգնէ զիրենք իրենց փափաքը  իրականացնելու համար, որ է բնիկ ժողովուրդներուն երաշխաւորել  խաղաղ եւ երջանիկ կեանք հոգ տանելով իրենց երկիրին եւ  պաշտպանելով ջուրը,  որպէսզի բնիկ ժողովուրդներու յաջորդ սերունդները կարենան վայելել զայն:

Մինչ Ֆրանչիսկոս Պապ բնիկ ժողովուրդներու փոխանցած իր սրտի խօսքին մէջ նշեց,  թէ աւետարանը նման է սերմին, որ կ՝աճի ինկած հողին յատկանիշներով:

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձ կատարած է Ամազոնեան տարածաշրջանին: Ան  ի յայտ դրած է գաղութացման նոր ձեւերու վտանգները:

Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով Քրիստոնէութեան ծագումին նկատել տուած է որ քրիստոնէութիւն ծնունդ առած է հրէական աշխարհէն ներս, զարգացած է Յոյն,  Լատին աշխարհներու մէջ,  ապա  հասած է այլ  երկիրներ՝ արեւելքէն մինչեւ ամերիկաներ: Հետեւաբար Սրբազան հայրը շեշտ դրած որ է  աւետարանը պէտք է այլ մշակոյթներու հանդիպի, որպէսզի ժողովուրդները ընկալեն Յիսուսի աւետումը,  իւրաքանչիւր ժողովուրդ պահպանելով իրենց մշակոյթը: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2019, 09:31