Որոնել

1570350738476.JPG

Ամազոնիայի սիւնհոդոսին բացման պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ։

Ամազոնիայի բազմաթիւ եղբայրներն եւ քոյրերը ծանր խաչեր կը կրեն ու կը սպասեն Աւետարանի ազատագրիչ մխիթարութեան ու եկեղեցւոյ սիրոյ շոյանքին։ Անոր համար ու անոնց հետ միասին միասին քալենք։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 6 հոկտեմբեր 2019-ին, Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, որուն նախագահեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ի ներկայութեան կարդինալական դասին, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն եւ սիւնհոդոսական բոլոր հայրերուն ինչպէս նեաւ  հաւատացեալներու հոծ բազմութեան, բացումը կատարուեցաւ Ամազոնեան տարածաշրջանին  նուիրուած արտակարգ Սիւնհոդոսին, որ սկիզբ կ՛առնէ այսօր ու վերջ կը գտնէ կիրակի 27 հոկտեմբերին որպէս կեդրոնական նիւթ ունենալով «Ամազոնիա. Նոր ուղիներ եկեղեցւոյ ու համապարփակ բնապահպանութեան համար»։

Ունկնդրէ լուրը

Սիւնհոդոս որուն յայտարարութիւնը կատարած էր Ֆրանչիսկոս Պապը ՝ 2017 ի 15 հոկտեմբերին,  Մարեմեան աղօթքի աւարտին, հաստատելով որ անոր հիմնական նպատակն է՝ որոնել աւետարանութեան նոր ուղիներ, ամազոնեան տարածաշրջանի Աստուծոյ ժողովուրդին համար, ու յատկապէս բնիկներուն համար, որոնք յաճախ մոռցուած են եւ զուրկ են ապագայի  հեռանկարէ, նաեւ Ամազոնեան Անտառներու տագնապին բերումով, որ մեր մոլորակի համար գերակայ նշանակութիւն ունեցող թոք մըն է։

 Արդարեւ Սուրբ Զոհին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ամազոնեան տարածաշրջանին բնիկ ժողովուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ առիթը պիտի ունենայ մասնակցելու Սիւնհոդոսական նիստերուն։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Սիւնհոդոսի բացման Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան ընթերցուածին վրայ՝  քաղուած  Պօղոս առաքեալի Տիմոթէոսին (Տիմոթ 1, 6) ուղղած երկրորդ նամակէն,  ուր ան, որ եկեղեցւոյ պատմութեան ամենամեծ առաքեալն է մեզ կ՛օգնէ «սիւնհոդոս կատարելու», ու «միասին քալելու» ըսաւ Քահանայապետը, մէջբերելով Պօղոս առաքեալի խօսքերը. «Ասոր համար կը յիշեցնեմ քեզի որ արծարծես Աստուծոյ շնորհքը որ տրուեցաւ քեզի իմ ձեռնադրութեամբս»։

Մենք, ըսաւ Քահանայապետը, եպիսկոպոսներ ենք ու Աստուծմէ ընկալեցինք պարգեւ մը, մենք անոր հետ համաձայնագրութիւն չի կնքեցինք, աշխատանքի պայմանագիր չի տրուեցաւ մեզի, այլ «ձեռքեր մեզ գլխուն վրայ», որպէսզի մենք եւս ըլլանք ձեռքեր, որոնք կը բարձրանան երկինք բարեխօսութիւն հայցելու Տիրոջ եւ ձեռքեր որոնք կ՛երկարին մեր եղբայրներուն։

«Մենք ընկալեցինք պարգեւ մը որպէսզի մենք եւս ըլլանք պարգեւ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ, զգուշացնելով այդ պարգեւը սեփականութիւն նկատելու ու մենք մեզ որպէս կեդրոն զգալու փորձութենէն, դիտել տալով որ այդ մէկը  մեզ կը մղէ ըլլալու ոչ թէ Հովիւ՝ այլ պաշտօնատարներ ու փոխանակ եկեղեցիին ծառայելու՝ կը ծառայենք մենք մեզի։

Մինչ մեր կեանքը այդ պարգեւին բերումով ըլլալու է ծառայութիւն ինչպէս կը մատնանշէ Աւետարանը «Անիրաւ ծառաներ» (Ղուկաս 17, 10)։ Արտայայտութիւն որ կարող է նաեւ ըսել «առանց շահոյթի ծառաներ»։ Կը նշանակէ թէ մենք չենք աշխատիր շահոյթ ձեռք բերելու համար, այլ պարզապէս որովհետեւ ձրի ընկալեցինք ու ձրի կու տանք (Մատթ 10, 8)։

Մեր ուրախութիւնը արդարեւ կը կայանայ ծառայելուն մէջ, որովհետեւ նախ նոյնինքն Աստուած մեզի ծառայեց, դարձաւ մեր ծառան։

 «Ուստի սիրելի եղբայրներ,  մենք մեզ զգանք կանչուած ծառայութեան, որպէս կեդրոն ընտրելով Աստուծոյ պարգեւը»  ըսաւ Քահանայապետը, դիտել տալով որ այդ կոչումին ու առաքելութեան հաւատարիմ գտնուելու համար Սուրբ Պօղոս մեզի կը յիշեցնէ «արծարծել» այդ պարգեւը, ու «այդ պարգեւը կրակ է, սէր է, որ կը բորբոքի Աստուծոյ ու մեր եղբայրներու համար»։

Կրակը միակը չի կրնար բորբոքիլ, եթէ կեանքի մէջ չի պահենք զայն կը մեռնի, կը մարի։ Եթէ մենք համակերպինք առօրեային՝ այդ պարգեւը կարող է անհետանալ։

Այդ  կրակը արծարծողը Սուրբ Հոգին է, որ բոլոր շնորհքներուն պարգեւողն է։ Ասոր համար  է որ Սուրբ Պօղոս կը թելադրէ «Պահէ լաւ աւանդը օգնութեամբ Սուրբ Հոգւոյն  որ կը բնակի քու մէջդ (Տիմոթէոս Բ - 1, 14) ու կ՛աւելցնէ «Աստուած վախի՝  ամաչկոտութեան  հոգի չի տուաւ մեզի այլ հոգին զօրութեան, սիրոյ եւ զգաստութեան, խոհեմութեան»։ Պօղոս առաքեալ խոհեմութիւնը կը դնէ ամչկոտութեան հակառակ»։ Ու խոհեմութիւնը առաքինութիւնն է զատորոշելու եւ ընտրելու բարին։ Խոհեմութիւնը անվճռականութիւն չէ։ Ան Հովիւին առաքինութիւն է որ իմաստութեամբ ծառայելու համար, գիտէ զատորոշել, զգայուն ըլլալով Հոգիին նորութիւններուն։

 «Ան որ ամէն բանի նորոգիչն է՝ մեզի ալ պարգեւէ զգաստութեան եւ զօրութեան շնորհքը, մեր սիւնհոդոսը ներշնչէ նորոգելու համար Եկեղեցւոյ եւ Ամազոնիայի ուղիները, որպէսզի առաքելութեան կրակը չի մարի» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով որ Աստուծոյ կրակը՝ սիրոյ կրակ է որ կը լուսաւորէ, ան կը ջերմացնէ կեանքը՝ ոչ թէ բռնկող ու այրող կրակ, նման այն կրակներուն որոնք կործանարար են, որովհետեւ բռնկուած են շահերու համար, «ինչպէս վերջերս պատահեցաւ Ամազոնիայի մէջ», հաստատեց Սրբազան Պապը,  դարձեալ շեշտելով որ  Աստուծոյ կարկը ջերմութիւն է ու թէ ան կը սնուի բաժնեկցութեամբ եւ ոչ շահերով։  

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Պօղոս Առաքեալի վերջին մէկ յորդորին «(Տիմոթ Բ, 1, 8) «Այնուհետեւ ամօթ մի համարեր վկայութիւնը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, այլ մասնակից եղիր Աւետարնին համար իմ չարչարանքիս»։

Սուրբ Պօղոս կը խնդրէ որ մենք վկայենք Աւետարանը, չարչարուինք Աւետարանին համար, ապրինք Աւետարանը։ Աւետարանի հռչակումը եկեղեցւոյ կեանքի գլխաւոր չափանիշն է, ու Պօղոս առաքել կը յիշեցնէ թէ՝ Աւետարանը հռչակելը կը նշանակէ ապրիլ զոհաբերումը, մինչեւ վերջ վկայել ու սիրել մինչեւ մարտիրոսութիւն։ Ան ապա կ՛ընդգծէ թէ ծառայելու ենք Աւետարանին՝ ոչ թէ աշխարհի զօրութեամբ այլ միայն Աստուծոյ ուժով, այն համոզումով որ կեանք ունենալու միակ ու իսկական միջոցը զայն սիրոյ համար կորսնցնեն է։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց հրաւիրելով միասին նայիլ խաչեցեալին ու Անոր մեզի համար յօշոտուած սրտին։ Այնտեղէն սկսինք որովհետեւ անտեղէն է որ բխեցաւ պարգեւը որ մեզ վերակենդանացուց, այնտեղէն է որ  յորդեցաւ  նորոգիչ Սուրբ Հոգին։ Այնտեղէն մենք մեզ զգանք կոչուած մեր կեանքը տալու։

Ամազոնիայի բազմաթիւ եղբայրներն եւ քոյրերը ծանր խաչեր կը կրեն ու կը սպասեն Աւետարանի ազատագրիչ մխիթարութեան ու եկեղեցւոյ սիրոյ շոյանքին։ Անոր համար ու անոնց հետ միասին միասին քալենք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2019, 10:45