Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աղօթքը աւետարանումի առաջին ուժն է» Ֆրանչիսկոս Պապին 20 հոկտեմբերի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Միսիոներական համաշխարհային օրը առիթ է որպէսզի ամէն մէկ մկրտեալ գիտակից դառնայ թէ պէտք է նորոգուած յանձնառութեամբ համագործակցի՝ հռչակելու համար Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

«Քարոզէ Խօսքը ժամանակին եւ ժամանակէն դուրս,յանդիմանէ եւ սաստէ,մխիթարէ, անհատնում համբերութեամբ  եւ վարդապետներու մտահոգութեամբ». Պօղոս առաքեալի իր աշակերտ Տիմոթէոսին ուղղուած այս խօսքերը առանցքը կազմեցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, զոր Ան  ներկայացուց 20 հոկտեմբերի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։

Ունկնդրէ լուրը

«Սուրբ Պօղոսի այդ խօսքերը սահմանուած են Յիսուսին բոլոր աշակերտներուն, որոնք կանչուած են վկայելու Աւետարանը մեր այս ժամանակաշրջանին մէջ, ու այս մարդկութեան՝ որ յաճախ հակասական է, սակայն միշտ ալ անհուն կերպով սիրուած է Աստուծմէ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Միսիոներական համաշխարհային օրուան որ կը նշուի այսօր, եւ որ, ըսաւ Ան, «առիթ է որպէսզի ամէն մէկ մկրտեալ գիտակից դառնայ թէ պէտք է նորոգուած յանձնառութեամբ  համագործակցի՝ հռչակելու համար Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց Պենետիկտոս ԺԵ քահանայապետին 100 տարիներ առաջ հրապարակած «Maximum illud» առաքելական նամակին, «որ, ըսաւ Ան, եղաւ մարգարէական եւ որ կը մնայ այժմէական այս մեր դարաշրջանին մէջ, որ յատկանշուած է համաշխարհայնացումով, որ փոխանակ որ զօրակցի  ու յարգէ ազգերու զանազանութիւնները, տակաւին կը տառապի անցեալի իշխանութեան հակամարտութիւններէն, որոնք կը յառաջացնեն պատերազմներ ու կը կործանեն մոլորակը»։

«Այս ծիրէն ներս հաւատացեալները կանչուած են ամենուրէք տանելու նոր սլացք ու այն բարի լուրը թէ Յիսուսին մէջ ողորմութիւնը կը յաղթէ մեղքին, յոյսը կ յաղթէ վախին, եղբայրութիւնը հակառակութեան» աւելցուց Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Հարկաւոր է զօրեղ կերպով զգալ դէպի բոլոր ժողովուրդներուն ուղղուած առաքելութեան կոչը ու յատկապէս բացառութեան մէջ ապրողներուն նկատմամբ»։

«Հաւատքով ու սիրով ապրուած մեր եղբայրութենէն է որ կը բխի միսիոներականութեան ուժը» նշեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով որ « այդ միսիոներականութիւնը լիապէս ապրելու համար՝ կայ անհրաժեշտ պայման մը, որ է աղօթքը»։

«Հարկաւոր է մշտապէս աղօթել։ Աղօթքը աւետարանումի առաջին ուժն է։ Միսիոնարներն ալ ամէնէ առաջ աղօթքի մարդիկ ու կիներ են, որոնք հաւատքը կը սնուցանեն Տիրոջ հետ յարատեւ յարաբերութեամբ, որպէսզի կարողանան դիմագրաւել աւետարանութեան բոլոր դժուարութիւնները»։

«Աղօթքը ապա Աստուծոյ ժողովուրդին առաջին աջակցութիւնն է միսիոներներուն ու անոնց դժուար առաքելութեան՝ հռչակելու եւ Աւետարանին յոյսն ու շնորհքը պարգեւելու անոնց որոնք տակաւին զայն չեն ընդունած» ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը խորհրդածութեան աւարտին հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ հովանին ու պաշտպանութիւնը որպէսզի մեզ առաջնորդէ ու ամէն օր պահպանէ Աւետարանի միսիոներները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2019, 12:04