Որոնել

Ամազոնիայի նուիրուած  եպիսկոպոսական սիւնհոդոս Ամազոնիայի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոս 

Ամազոնիայի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին Պատգամաւոր Նախագահներու անուանում։

Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի կանոնագիրքի համաձայն Պատգամաւոր նախագահներուն պարտականութիւնն է կառավարել սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 7 սեպտեմբեր 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ կը գտնուի Մատակասկարի մէջ, յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ նշուող Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին առթիւ նշանակեց սիւնհոդոսի պատգամաւոր նախագահներ յանձինս՝ Վենեզուելլացի Կարդինալ Պալտազար Էնրիքէ Փորրաս Քատոզոյի, Փերուվաի Կարդինալ Փետրօ Ռիքարտօ Պարրեթօ Եիմենի եւ Պրազիլցի Կարդինալ Ժաօ Պրազ Տէ Ավիզի։  Անոնց  պարտականութիւնն է կառավարեն Սիւնհոդոսի աշխատանքները։

Ունկնդրէ լուրը

Արդարեւ Համա- Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը նախատեսուած է այս տարի՝  6 -27 հոկտեմբերին, եւ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ, որպէս նիւթ ունենալով «Ամազոնիա. Նոր ուղիներ Եկեղեցւոյ ու Համապարփակ բնապահպանութեան համար»։

Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի կանոնագիրքի համաձայն Պատգամաւոր նախագահներուն պարտականութիւնն  է կառավարել սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերը, շնորհել յատուկ պարտականութիւններ, ստորագրել  սիւնհոդոսի  հաւաքէն բխող փաստաթուղթերը, ապա կազմել յատուկ յանձնախումբեր խորացնելու եւ ուսումնասիրելու սիւնհոդոսի յատուկ ուշադրութեան յանձնուած նիւթեր։

Պատգամաւոր Նախագահները հերթովին կը կառավարեն նիստերը ու անոնց պաշտօնը կ՛աւարտի՝ տուեալ սիւնհոդոսի աւարտով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2019, 12:30