Որոնել

 Քահանայապետին յատուկ ունկնդրութիւնը Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի անդամներուն Քահանայապետին յատուկ ունկնդրութիւնը Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի անդամներուն 

«Եկեղեցւոյ համար հաղորդակցութիւնը առաքելութիւն է». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Ոչ մէկ ներդրում չափազանց է Աստուծոյ խօսքը տարածելու համար»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 23 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաջին անգամ ըլլալով, յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի վարչական կազմին ու բոլոր անդամներուն, Բաժանմունքի տարեկան լիագումար նիստին առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Հանդիպման սկիզբը խօսք առաւ նախ Բաժանմունքի կառավարիչ Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինի, որ իր անուանումէն ասդին, առաջին անգամուան համար կը նախագահէ լիագումար նիստը։ Հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնելով գրաւոր ճառը ուզեց իր սրտի խօսքը ուղղել անոնց, բացատրելով որ հաղորդակցութիւնը այդպիսով աւելի վաւեր է։

Ան նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց հանդիպման համար ու շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց  աշխատանքին համար,  գնահատելով Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի բազմաթիւ անդամներուն աշխատանքը որ կ՛արտայայտէ Աստուծոյ հաղորդակցելու կամքը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը,. դիտել տալով որ հաղորդակցութիւնը լոկ գրասենեկային աշխատանք չէ ու թէ հարկաւոր է հաղորդել հոգիով, մարմնով, սրտով, մտքով ու ձեռքերով, որովհետեւ իսկական հաղորդակիցը ինքզինք չի խնայեր ու ամբողջութեամբ կը նուիրուի։ Հարկաւոր է հաղորդել ճշմարտութիւնը, բարին, գեղեցիկն ու արդարը, ըսաւ Քահանայապետը, հաստատելով որ ամենամեծ հաղորդակցութիւնը սէրն է ու այդ սիրոյ վկայութիւնը։

«Քրիստոնէական հաղորդակցութիւնը արդարեւ վկայութիւն է» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը, եթէ չկայ կեանքի վկայութիւն աւելորդ է հաղորդակցիլ, աւելցուց Ան, մէջբերելով Պենետկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքերը «Եկեղեցին չ՛աճիր մարդորսութեամբ, այլ վկայութեան քաշողական ուժով«։

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա այլ կէտի մը այն է թէ Քրիստոնեայ կը նշանակէ մարտիրոսս ու ասկէ մեկնելով զգուշացուց աշխարիկութեան եւ յուսալքումի երեւոյթներէն ու ինքնիր մէջ փակուած եկեղեցւոյ մը իրականութենէն։ «Մենք, ըսաւ Քահանայապետը, քիչ ենք, բայց քիչ նման աղին ու թթխմորին, որոնք ապա համ կու տան ու կ՛աճին», ընդգծելով որ յուսալքումը, համակերպումը  յառաջ կու գան չար հոգիէն եւ ոչ թէ Աստուծմէ։

«Քրիստոնէութեան իսկականութիւնը այս է՝ աղ ու թթխմոր» շեշտեց Ան ու մատնանշելով վկայութեան կարեւորութեան մէջբերեց Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի խօսքերը. «քարոզեցէք աւետարանը եւ ի յարկին այդ ըրէք նաեւ խօսքով»։

Սրբազան Պապը հուսկ ակնարկեց թէ հարկաւոր է հաղորդել մարտիրոսներու Եկեղեցին եւ խուսափիլ «ածականներու մշակոյթէն» դիմելով գոյականներու զօրութեան՝ որոնք կը ցոլացնեն մարդոց իսկականութիւնը։ Դուք ըսաւ Նորին Սրբութիւնը պէտք էք անցնիլ ածականներու մշակոյթէն՝ դէպի գոյականներու աստուածաբանութիւն։

Ան ապա խօսքը աւարտեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն ու քաջալերելով զանոնք յառաջ ընթանալու հաղորդակցելով Աւետարանի ուրախութեամբ։

---------------------------------------------------------------------------------------------------------

ԳՐԱՒՈՐ ՃԱՌԻՆ ՊԱՐՈԻՆԱԿՈԻԹԻՒՆԸ

Գրաւոր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն իր ուրախութիւնը յայտնեց հանդիպման համար ու շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ՝«շատ անգամ ծածուկ ու լռելեան աշխատանքին համար, որով բազմաթիւ անձինք քաջալերուած են իրենց հաւաքի ուղեւորութեան մէջ ու շատ մը այլ մարդիկ հրաւիրուած են որոնելու Տիրոջ հետ հանդիպման ուղին» յարեցՍրբազան Պապը։

«Շնորհիւ ձեր աշխատանքին Քահանայապետը կը խօսի 40 լեզուներ։ Պենտեկոստէի իսկական հրաշք» նշեց ապա Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով բաժանմունքի մատուցած զանազան  ծառայութիւններուն՝ տպագիր թերթ, Ռատիօ, հեռուստակայան, ու ընկերային ցանցեր։

«Եկեղեցւոյ համար հաղորդակցութիւնը առաքելութիւն է» հաստատեց  Ֆրանչիսկոս Պապ աւելեցնելով՝  «Ոչ մէկ ներդրում չափազանց է Աստուծոյ խօսքը տարածելու համար» ու այդ ուղղութեամբ արժեւորելով բոլորին ի ծառայութեան դրուած  ամէն մէկ անհատի ձիրքերը։

«Հաւատարիմ մնալու ընկալուած պարգեւին, հարկաւոր է քաջութիւնը ունենալ փոփոխութիւններ կատարելու, հարկաւոր է դուրս գալ մեր ապահովութիւններէն ու ողջագուրել ապագայի մարտահրաւէրը, անցնելով ժամանակներու ընթացքին ու վառ պահելով կրակը» յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա նշեց թէ ինք ականատես է տարուած աշխատանքին ու հրաւէր ուղղեց միասնաբար գոհութիւն մատուցելու Աստուծոյ, որովհետեւ դիտել տուաւ Ան, «մեր ուժերը բաւարար չեն» ու թէ հաւատքի միջոցաւ այնքան որ մենք գործիքներ կը դառնանք Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, այնքան աւելի կարելիութիւն կայ որ մեր աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը  աճի»։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ակնարկեց ապա Բաժանմունքի լիագումար նիստի կեդրոնական նիւթին «մենք անդամ ենք մէկը միւսին» հաստատելով որ «մեր ուժը մեր միութեան մէջ է ու միայն այնպէս կարող ենք միշտ աւելիով համապատասխանել Եկեղեցւոյ առաքելութեան պահանջներուն» ու այս առնչութեամբ նկատել տուաւ որ  «հաւատքը յարաբերութիւն է, հանդիպում է ու Աստուծոյ սիրոյ ուժին ներքոյ է որ մենք կարող ենք հաղորդակցիլ, ընկալել ու հասկնալ պարգեւը որ «ուրիշն» է ու համապատասխանել այդ պարգեւին։

Եկեղեցւոյ մէջ հաղորդակցութիւնը կրնայ բնորոշուած ըլլալ միայն մասնակցութեան եւ բաժնեկցութեան սկզբունքով։ «Հաղորդակցութիւնը իրապէս արդիւնաւէտ է միայն երբ կը դառնայ վկայութիւն, այսինքն մասնակցութիւն կեանքին՝ որ մեզի կը շնորհուի Սուրբ Հոգիէն ու մեզի առիթ կու տայ վերագտնելու մենք զմեզ հաղորդակցութեան մէջ, մէկը միւսին հետ, ու անդամ մէկը միւսին» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ, այդ ուղղութեամբ մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին խօսքերը որ ակնարկելով հաղորդակցութեան շեշտը դրած էր անոր «թափանցիկութեան» յատկութեան վրայ ու ընդգծած էր այդ ասպարէզէն ներս աշխարական հաւատացեալներու համագործակցութիւնը՝  ի սպաս եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւէտութեան։

Գրաւոր ճառին աւարտին Քահանայապետը քաջալերեց բոլոր ներկաները՝ շարունակելու իրենց առօրեայի աշխատանքը հնարամտութեամբ ու ստեղծագործութեամբ, գտնելով ձեւեր որպէսզի աւելիով ամրապնդուի տեղական եկեղեցիներուն հետ ցանցը, այս ծիրէն ներս քաջալերելով նաեւ «թուային» ասպարէզի ուղղութեամբ  կազմաւորումը։

«Գիտեմ թէ ունիք նոր ծրագիրներ ու վստահ եղէք որ Քահանայապետին աջակցութիւնը երբեք պիտի չի պակսի։ Ձեր աշխատանքով դուք կը մասնակցիք Եկեղեցւոյ միութեան ու հարկաւոր է միասին քալել ու գիտնալ կողմնորոշել մեր ժամանակը» նշեց ապա Քահանայապետը մաղթելով որ եկեղեցական հաղորդակցութիւնը ըլլայ իսկապէս մէկ մարմնի արտայայտութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2019, 10:44