Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական Մարմնամարզութեան Դաշնութեան անդամները։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական Մարմնամարզութեան Դաշնութեան անդամները։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական Մարմնամարզութեան Դաշնութեան անդամները։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց ներկաները մարզանքը ապրելու հաւատարմութեան եւ առողջ մրցակցական հոգիով, ու հրաւիրեց կեանքի մրցումներն ալ ապրիլ քաջութեամբ եւ վեհանձնութեամբ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 28 սեպտեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ընդունեց Իտալական Մարմնամարզութեան Դաշնութեան անդամները, դաշնութեան հիմնադրութեան 150 տարեդարձին առթիւ, «որուն նպատակն է խթանել մարզանքի մշակոյթը մարմնամարզութեան միջոցաւ», ըսաւ Սրբազան Պապը, ներկաներուն ուղղած իր խօսքին սկիզբը, մատնանշելով որ մարզական ընկերակցութիւնները կանչուած են նաեւ յառաջացնելու մտայնութիւն մը, որ մարզանքի միջոցաւ խթանէ մարդկային համապարփակ զարգացումը, ինչպէս նաեւ ընկերային բարեկամութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

«Մարզանքը այս իմաստով կը դառնայ կազմաւորման փորձառութիւն մը, որ նոր սերունդներուն կ՛օգնէ մշակելու կեանքին արժէքները. սէր հաւատարմութեան եւ արդարութեան նկատմամբ, գեղեցկութեան ու բարութեան վայելքը, ապա ազատութեան եւ զօրակցութեան փնտռտուքը»  ըսաւ Սրբազան Պապը, դատապարտելով այն մարզանքը որ «պայմանաւորուած է շահերու տրամաբանութենէն, չափազանցուած մրցակցային ոգիէն եւ, ցաւօք, նաև բռնի վերաբերմունքներէ», այս ուղղութեամբ հրաւիրելով քրիստոնեայ հաւատքով մարզիկներն ու ղեկավարները վկայելու Աւետարանի մարդկայնացնող ուժը ու սատարելու աւելի եղբայրական ընկերութեան մը կառուցումին։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ քաջալերեց  ներկաները մարզանքը ապրելու հաւատարմութեան եւ առողջ մրցակցական հոգիով, հրաւիրելով նաեւ կեանքի մրցումներն ալ ապրիլ քաջութեամբ  ու վեհանձնութեամբ, ինչպէս նաեւ ապագայի վրայ վստահութեամբ։ Ան ապա ներկաներուն վրայ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնները ու խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2019, 11:59