Որոնել

Միսիոներկան Ամիս Միսիոներկան Ամիս 

Յառաջիկայ մէկ հոկետմբերին Նորին Սրբութիւնը բացումը պիտի կատարէ Միսիոներական ամսուայ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ պիտի նախագահէ Երեկոյեան ժամասացութեան արարողութեան սկիզբ տալով Միսիոներական ամսուան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ երեքշաբթի մէկ հոկտեմբերին, Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի ծիսական տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեկոյեան 18-ին, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ պիտի նախագահէ Երեկոյեան ժամասացութեան արարողութեան սկիզբ  տալով Միսիոներական ամսուան։

Յայտնենք թէ 2019-ի Միսիոներական ամսուայ առթիւ հրապարակած պատգամին  սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը կը նշէ թէ ինք «համայն եկեղեցիէն խնդրած է ապրիլ միսիոներական բացառիկ ժամանակ մը, յիշատակելու համար Պենետիկտոս ԺԵ քահանայապետի՝  30 նոյեմբեր 1919-ին հրատարակած «Maximum illud» առաքելական նամակը», որ «առաքելական  մարգարէական առաջարկ մըն է»  եւ որ «զինք համոզեց  թէ որքան այսօր եւս կարեւոր է նորոգել Եկեղեցւոյ միսիոներական յանձնառումը, Աւետարանական իմաստով վերա -որակաւորելով անոր առաքելութիւնը՝ աշխարհին հռչակելու ու փոխանցելու Յիսուս Քրիստոսի փրկութիւնը»։

«Եկեղեցին կարիք ունի մարդոց եւ կիներու որոնք վեհանձնութեամբ համապատասխանեն իրենց կոչումին» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը վերոնշեալ  պատգամին մէջ  այս ծիրէն ներս մատնանշելով Համա-Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած Սիւնհոդոսին, «ուր կարիքը կայ աւետարանութեան»։

2019-ի միսիոներական ամսուայ  բնաբանն է մկրտուած «Մկրտուած եւ առաքուած. Քրիստոսի Եկեղեցին աշխարհի մէջ առաքելութեան մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2019, 12:00