Որոնել

2019.09.19 Protecting the oceans.jpg

«Պաշտպանել ովկեանոսները». Սեպտեմբեր ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութեան պատգամը։

Աղօթենք որպէսզի քաղաքական մարդիկը, գիտնականները ու տնտեսագէտները միասին աշխատին՝ պաշտպանելու համար ծովերն ու ովկիանոսները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քահանայապետի Աղօթքի համաշխարհային ցանցի» նախաձեռնութեամբ այս ամիս եւս  հրապարակուեցաւ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը,  որ սեպտեմբեր ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրած է «ծովերն ու ովկիանոսները»։

Ունկնդրէ լուրը

Սոյն հրատարակութիւնը կը վայելէ «Yann Arthus-Bertrand e Michael Pitiot» ռեժիսսորներու համագործակցութիւնը։

Քահանայապետի տեսերիզը այս ամիս կը դիմագրաւէ ովկիանոսներու պաշտպանութեան ծանր մարտահրաւէրը ու անոնց սպառնացող  կերպընկալ նիւթերու աճը։

Սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ՛ըսէ.

«Բարի լոյս, այսօր կ՛ուզեմ ձեզի հետ խօսիլ շատ կարեւոր նիւթի մը մասին, որ ծանր կը կշռէ սրտիս վրայ. Ովկիանոսները»։

Ովկիանոսները կը պարունակեն մոլորակի ջուրի ամենամեծ քանակը ու նաեւ կենդանի էակներու ամենամեծ բազմազանութիւնը, որոնցմէ շատերը այսօր, տարբեր պատճառներու համար, սպառնալիքի տակ են։ Եւ չենք անդրադառնար անոնց մասին եւ կամ չենք ուզեր պատասխանատուութիւն ստանձնել։

Չի մոռնանք որ առնուած մեր երկու շունչերէն մին կը պարտինք ովկիանոսներուն։

Մէկ ամիս առաջ ընդունեցայ ձկնորսներու խումբ մը։ Անոնցմէ եօթն ինծի ըսին հետեւեալը. «Վերջին ամիսներուն վեց թոն կերպընկալ նիւթ (Փլասթիք) հաւաքեցինք»։ Ասիկա ովկիանոսներուն մահն է։ Մահն է՝ բոլոր կենդանի էակներուն։ Իմ մահս է։

Արարչագործութիւնը սիրոյ ծրագիր է, Աստուծոյ մարդկութեան նկատմամբ սէրը։

Մեր ծովերը անարդար կերպով մատակարարումէն յառաջացած սպառնալիքին դէմ պայքարելու միջ առարկայական մօտեցում մը մեզ կ՛օգնէ դիմագրաւելու այդ մեծ մարտահրաւէրը. Եւ այնտեղ է որ խաղի մէջ կը մտնէ մեր գոյատեւումը։

Մեր զօրակցութիւնը հասարակաց տան նկատմամբ ծնունդ կ՛առնէ մեր հաւատքէն։

Աղօթենք որպէսզի քաղաքական մարդիկը, գիտնականները ու տնտեսագէտները միասին աշխատին՝ պաշտպանելու համար ծովերն ու ովկիանոսները։

«Պաշտպանել ովկեանոսները».
«Պաշտպանել ովկեանոսները».

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2019, 13:00