Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Քահանայապետական չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները

«Հայր մեր աղօթքը» ու «առաքեալներու գործեր»ը առանցքը կազմեցին 2019-ի Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութիւններու խորհրդածութիւններուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այնպէս ինչպէս նշած էինք անցեալ օրերուն, Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրած կը նկատուին չորեքշաբթի օրուայ Քահանայապետական հրապարակային ունկնդրութիւնները, որոնց սովորութիւնը սկիզբ առած է Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով 1975-էն սկսեալ։

Սոյն հաւաքական ունկնդրութիւնը ընդհանրապէս կը կատարուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ եւ կամ կլիմայական պատճառներու բերումով  «Ներվի կամ Պօղոս Զ» անուան դահլիճին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Ունկնդրութիւններուն կարող են ազատօրէն մասնակցիլ բոլոր հաւատացեալները, որոնք ունկնդրութեան սկիզբը առիթը կ՛ունենան հանդիպելու Քահանայապետին որ Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով շրջանը կը կատարէ «Սուրբ Պետրոս» հրապարակին, մօտէն ողջունելու համար զանոնք ու կամ Ներվի սրահին մէջ, քալելով կ՛անցնի անոնց միջեւ, օրհնելով ծերունիներն ու մանուկները։

Հրապարակային ունկնդրութիւնները սկիզբ կ՛առնեն  աւետարանական հատուածի մը ընթերցանութեամբ որմէ ետք Սրբազան Պապը կը ներկայացնէ որոշ նիւթի մասին մտածական մը, զոր հակիրճ թարգմանութեամբ կը ներկայացուի զանազան լեզուներով։

2019-ին Սրբազան Քահանայապետը շարունակեց  2018-ին սկիզբ առած Հայր մեր աղօթքի մասին մտածականները ու մայիս ամսուայ ընթացքին սկիզբ տուաւ նոր մտածականներու շարքի մը յատկացուած «Առաքեալներու Գործեր» գիրքի մեկնաբանութեան։

Ինչպէս յայտնի է վերոնշեալ գիրքին հեղինակը Սուրբ Ղուկաս Աւետարանիչն է որ նկատուած է Եկեղեցւոյ առաջին պատմագիրը։

Թէպէտ գիրքը կոչուած է Առաքեալներու Գործեր սակայն անոր մէջ հանգամանօրէն կը պատմուին Պետրոս ու Պօղոս առաքեալներու գործերը։

Գիրքը կ՛ընդգրկէ 35 տարիներու շրջան մը 30-ական թուականներէն մինչեւ 65 թուական։ Կը սկսի Քրիստոսի Յարութեամբ եւ համբարձումով ու կը փակուի Սուրբ Պօղոսի գերութեամբ Հռոմ՝  61-63։

Անոր մէջ պարունակուած գլխաւոր դէպքերը հետեւեալներն են. Յարութիւն. Հիմնարկութիւն Երուսաղէմի հասարակութեան. Մահ Սուրբ Ստեփանոսի, առաջին հալածանքներ. Երուսաղէմի քրիստոնեայ  Հելլենականները կը ցրուին. Դարձ Սուրբ Պօղոսի։ Երուսաղէմի սիւնհոդոսը. Երկրորդ եւ երրորդ  ճամբորդութիւն Սուրբ  Պօղոսի։ Բանտարկութիւն Սուրբ Պօղոսի նախ Երուսաղէմ ապա Կեսարիա. Ճամբորդութիւն Սուրբ Պօղոսի դէպի Իտալիա եւ բանտարկութիւն Հռոմի մէջ։

Սուրբ Ղուկասի նպատակն էր արձանագրել քրիստոնէութեան ծաւալումը ուստի ան ընտրած է դէպքեր որոնք կը լուսաբանեն այդ ծաւալումին զանազան հանգրուանները։ Ղուկաս կը պատմէ թէ ինչպէս Եկեղեցին կը ծնի, կ՛աճի ու կը ծաւալի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2019, 10:03