Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան առանցքը կազմեց Ռումանիայի Ճամբորդութիւնը։

Ամփոփելով ճամբորդութիւնը, այնպէս ինչպէս նշուած էր ճամբորդութեան նշանաբանին մէջ, յորդորեցի «Միասին Քալել». ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 5 Յունիս 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ գլխաւորած Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը որուն ընթացքին արտասանած ճառը կեդրոնացուց անցեալ 31 մայիսէն 2 յունիս Ռումանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս։ Անցեալ շաբաթավերջին առաքելական ճամբորդութիւն կատարեցի Ռումանիա՝  Նախագահին ու Վարչապետին հրաւէրով։ Անոնց կը նորոգեմ իմ շնորհակալութիւններս որ ապա կ՛ընդլայնեմ քաղաքացիական ու եկեղեցական իշխանութիւններուն ու բոլոր անոնց որոնք համագործակցեցան այդ այցելութեան յաջողութեան համար։ Եւ ամէնէ առաջ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ որ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին առիթ տուաւ վերադառնալու այդ երկիրը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի  20 տարիներ առաջ կատարած առաքելական այցելութենէն ետք։

«Ամփոփելով ճամբորդութիւնը, այնպէս ինչպէս նշուած էր ճամբորդութեան նշանաբանին մէջ,  յորդորեցի  «Միասին Քալել»  ու մեծ եղաւ ուրախութիւնս որ այս մէկը կատարեցի ես եւս քալելով ռումանացի ժողովուրդին միջեւ որպէս ուխտաւոր անոնց հողին վրայ» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ զանազան հանդիպումները ընդգծեցին միասին քալելու արժէքն ու պահանջը  ըլլայ քրիստոնեաներու միջեւ, հաւատքի եւ սիրոյ ուղիով, ըլլայ քաղաքացիներու միջեւ, քաղաքացիական յանձնառումով։

«Որպէս քրիստոնեաներ շնորհքն ունինք զանազան եկեղեցիներու միջեւ ապրելու եղբայրական յարաբերութիւններու եղանակ մը։ Ռումանիայի հաւատացեալներուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի օրթոտոքս եկեղեցւոյ որ առաջնորդուած է Դանիէլ պատրիարքէն,  որուն կը փոխանցեմ իմ եղբայրական ու երախտագիտական մտածումս» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը նշելով նաեւ որ «Կաթողիկէ հասարակութիւնը՝ ըլլալ Յոյն ըլլայ Լատին կենսունակ է ու քրիստոնեաներու միջեւ միութիւնը, թէեւ անաւարտ, հիմնուած է միակ Մկրտութեան վրայ ու դրոշմուած հալածանքներու խաւար շրջանի ապրուած տառապանքին ու արեան վրայ, յատկապէս անցեալ դարու «անաստուած» վարչակարգի ընթացքին։

Քահանայապետը ապա մատնանշեց Յոյն Օրթոտոքս պատրիարքին հետ ունեցած հանդիպումին,  «որուն ընթացքին դարձեալ հաստատեցի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կամքը՝  քալելու միասին դէպի լիակատար միութիւն» ըսաւ Ան, ակնարկելով նաեւ Հայր Մեր աղօթքին որ կատարուեցաւ Պուխարեսթի Օրթոտոքսներու աթոռանիստ նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ եւ որ «եղաւ խորհրդանշական մեծ արժէքով պահ մը՝ որովհետեւ Հայր մեր աղօթքը քրիստոնէական գերազանց աղօթքն է որ է նաեւ բոլոր մկրտեալներու միասնական ժառանգութիւն»։

Մենք վերահաստատեցինք որ միութիւնը զանց չընէր  տարբերութիւններու օրինականութիւնը։ Թող որ Սուրբ Հոգին մեզ առաջնորդէ մշտապէս ապրելու որպէս Աստուծոյ զաւակներ ու մեր միջեւ եղբայրներ հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը հուսկ խօսեցաւ Կաթողիկէ համայնքներու հետ ունեցած հանդիպումներու մասին, Պուխարեսթի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ պատարագը 31 մայիսին, ապա Շումուլէու Չիուչ մարեմեան ուխտավայրին մէջ՝ մէկ յունիսին,  հուսկ Պլաժ քաղաքին մէջ որ է Յոյն կաթողիկէ համայնքին կեդրոնը եւ ուր Սուրբ պատարագի ընթացքին Երանելի հռչակուեցան եօթը մարտիրոս եպիսկոպոսներ՝ «վկաները ազատութեան եւ ողորմութեան»  յարեց Սրբազան Պապը  ու ակնարկեց նաեւ Եաշըի քաղաքին մէջ երիտասարդներուն եւ ընտանիքներուն  հետ ունեցած տօնական հանդիպումին որ նոյնպէս ունեցաւ Մարեմեան բնոյթ ու վերջ գտաւ երիտասարդներն ու ընտանիքները յանձնելով ու Աստուծոյ Սուրբ Մօր հովանիին։

Ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը եղաւ գնչու «Ռոմ» հասարակութեան հետ հանդիպումը,  «որուն ընթացքին կոչ ուղղեցի վերացնելու խտրականութեան որեւէ արտայայտութիւն,  ու  յարգելու մարդ անհատը անկախ անոր ցեղային, լեզուային կամ կրօնային պատկանելիութիւնէն։

Քահանայապետը ճառը աւարտեց դարձեալ գոհութիւն մատուցելով Աստուծոյ՝ այս առաքելական ճամբորդութեան համար ու Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ հայցելով որ այդ ճամբորդութիւնը առատ պտուղներ պարգեւէ Ռումանիայի ու այդ հողերուն վրայ գտնուող եկեղեցւոյ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2019, 09:59