Որոնել

Մարեմեան Հանդիպում Մարեմեան Հանդիպում 

Ռումանիա. Մարեմեան Հանդիպում երիտասարդներու եւ ընտանիքներու մասնակցութեամբ։

Միասին Քալելը շնորհք մըն է որ պէտք է հայցենք, արհեստական գործ մըն է զոր կանչուած ենք կառուցել եւ է նաեւ գեղեցիկ պարգեւ զոր պէտք է փոխանցենք։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ռումանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն  ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,  ճամբորդութեան երկրորդ օրը՝ շաբաթ  1 յունիս 2019-ին, Պուխարեսթէն փոխադրուեցաւ «Շումուլէու Շիուք» անուամբ Մարեմեան սրբավայր, այնտեղ մատուցելով սուրբ պատարագ ու հանդիպելով հունգարացի կաթողիկէ հաւատացեալներուն,  մինչ յետմիջօրէին փոխադրուեցաւ Եաշը քաղաք որ Ռումանիայի Մոլտավիա Նահանգի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային  ամենակարեւոր կեդրոնը համարուած է  եւ է նաեւ Ռումանիայի ամենահին քաղաքներէն մին եւ Ռումանիայի Կաթողիկէութեան կեդրոն։

Ունկնդրէ լուրը

Եաշը քաղաք ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ  տեղական եպիսկոպոսի, քաղաքապետի, նահանգապետի ու ոստիկանապետի կողմէ, ապա անմիջապէս փոխադրուեցաւ Սուրբ Կոյս Մարիամ Թագուհիի անուամբ  առաջնորդանիստ Եկեղեցի, որուն բացումը կատարուած է 2005 թուականին եւ որուն գետնադամբանին մէջ զետեղուած են՝ 1951ին նահատակուած՝  Եաշը Թեմի երբեմնի եպիսկոպոս ՝ Երանելի Անտոն Տուրքովիչի նուիրուած կոթողն ու մասունքները։

Ֆրանչիսկոս Պապ նախ առանձնական այցելութիւն տուաւ տաճար՝  այնտեղ աղօթելով Երանելի  Տուրքովիչի դամբանին առջեւ եւ օրհնելով տաճարին մէջ գտնուող հաւատացեալները, հուսկ  ուղղուեցաւ  «Մշակոյթի Պալատի» հրապարակ, ուր  Քահանայապետական ինքնաշարժով  շրջեցաւ հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներուն միջեւ։

Նորին Սրբութիւնը ապա հրապարակի տարածքին գլխաւորեց Մարեմեան հանդիպումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Եաշըի երիտասարդներն ու ընտանիքները։

Հանդիպումին սկիզբը Նորին Սրբութեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց Եաշը թեմին առաջնորդ՝ Գերապայծառ Փեթրու Կերկել ապա երիտասարդ զոյգ մը, երիտասարդ մը եւ 11 զաւակներով բազմանդամ մէկ ընտանիք մը,  ներկայացուցին իրենց կեանքի վկայութիւններն ու փորձառութիւնները եւ առաքելական ճամբորդութեան քայլերգի կատարումէն ու սուրբ գրային ընթերցումէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։

Ողջունելով հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալները,  Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար, նշելով որ «ինք ինքզինք կը զգայ իր տանը մէջ», ապա շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ուղղուած խօսքերուն ու մէջբերելով երիտասարդ համալսարականին վկայութեան խօսքերը ընդգծեց որ  այսօրուայ հանդիպումը կ՛ուզէ ըլլալ բոլորին հանդիպումը՝ ծնողներու, պապիկներու , տատիկներու եւ զաւակներու ու երիտասարդներու հանդիպում։

Մատնանշելով Ռումանիայի մէջ մէկ Յունիսին յիշատակուող «Մանուկի Օրուան» Սրբազան Հայրը հրաւիրեց աղօթել անոնց համար ու Տիրամօրմէ հայցել որ զանոնք պահպանէ իր հովանիին տակ։

Սրբազան Հայրը ակնարկեց ապա հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալներու բազմազանութեան, մատնանշելով որ «Սուրբ Հոգին կը համախմբէ մեզ բոլորս ու մեզ կ՛օգնէ վերագտնելու միասին ըլլալու, եւ իրարու հանդիպելու գեղեցկութիւնը՝ որպէսզի միասին քալենք»։

Քահանայապետը հանդիպումը նկատեց Նոր Պենտեկոստէ մը, ուր Հոգին կ՛ողջագուրէ տարբերութիւնները ու մեզի ուժ կը պարգեւէ՝ յոյսի նոր ուղիներ բանալու համար, «նման առաքեալներու ուղիին որ սկիզբ առած է երկու հազար տարիներ առաջ եւ որ այսօր մեզի փոխանցուած է» յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց որ «Միասին Քալելը շնորհք մըն է որ պէտք է հայցենք, արհեստական գործ մըն է զոր կանչուած ենք կառուցելու, եւ է նաեւ գեղեցիկ պարգեւ զոր պէտք է փոխանցենք»։

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ այդ ուղեւորութեան առանցքը կը կազմէ սէրը. «Սէրը որ արմատներ կը դնէ, նուիրումով, յանձնառումով, աշխատանքով եւ աղօթքով» ու երբ երիտասարդներն ու երէցները իրարու կը հանդիպին, տատիկներն ու պապիկները վախ չունին երազելու, ինչպէս կ՛ըսէ Յոբել մարգարէն։

«Ու ձեր երազը եղաւ միասին կառուցել ապագայ մը, առանց մոռնալու արմատները» յարեց Սրբազան Պապը աւելցնելով «Դուք կը նայիք ապագային եւ ձեր զաւակներուն, թոռնիկներուն ու ձեր ժողովուրդին առջեւ կը բանաք վաղուան դռները անոնց նուիրելով ձեր կեանքի փորձառութեան լաւագոյնը» եւ այսպէսով անոնք՝ ուր որ ալ երթան, իրենց արմատները պիտի չի մոռնան։  Նման Սուրբ Պօղոսին իր աշակերտ  Տիմոթէոսին ուղղած յանձնարարութեան «կենդանի պահել մօր ու մեծ մօր հաւատքը»։

Հաւատքը ըսաւ ապա Սրբազան Պապը պարգեւ մըն է որ կենսունակ կը պահէ խոր ու գեղեցիկ համոզում մը՝ Աստուծմէ սիրուած  մեր զաւակներու պատկանելիութիւնը։ «Պատկանելիութիւն որ է նաեւ թոռնիկներու, պսակեալներու, պապիկներու, տատիկներու, բարեկամներու եւ դրացիներու եւ եղբայրներու պատկանելիութիւն» յարեց Սրբազան Պապը զգուշացնելով Չարի թակարդներէն որ կ՛ուզէ բաժնել, ձրուել ու անհամաձայնութիւններ ստեղծել։

«Մենք մակերեսային էակներ չենք, ունինք հոգեւոր ցանց մը որ մեզ կը միացնէ՝ եւ այդ ցանցը արմատներ են» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ  մատնանշելով ճգնաւոր սուրբի մը խօսքերուն որ պատասխանելով  «ե՞րբ պիտի գայ աշխարհին վեջրը» հարցումին ըսած էր. աշխարհին վերջը պիտի գայ այն ժամանակ երբ այլեւս գոյութիւն չունենար հարեւաններու միջեւ անցք մը։ Այսինքն երբ քրիստոնէական սէրը ու եղբայրներու, ազգականներու քրիստոնեաներու ու ժողովուրդներու միջեւ սէրը պակսի։ Երբ մարդիկը այլեւս իրար չի սիրեն, այդ ժամանակ իսկապէս աշխարհի կատարածն է, որովհետեւ առանց սիրոյ եւ առանց Աստուծոյ՝ ոչ մէկ մարդ կարող է ապրիլ այս աշխարհիս վրայ։

Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց  ներկաները «ազատութիւնը օգտագործել որպէս ընտրութեան մը ազատութիւն, այո ըսելու սիրոյ ծրագիրն» ու պատգամի աւարտին դարձեալ շեշտը դրաւ հաւատքի ու անոր փոխանցումին վրայ, հաստատելով որ հաւատքը չի փոխանցուիր միայն խօսքով այլ արարքներով, հայեացքներով, մեր մայրերուն ու տատիկներուն շոյանքներով ու մեր տան մէջ սորված բաներով։

«Այնտեղ ուր աղմուկ կայ գիտնանք ունկնդրել. Ուր կայ շփոթութիւն, ներդաշնակութիւն ներշնչենք, ուր կայ բացառում բաժնեկցութիւն տանինք, նախայարձակումի պարագային՝ առաջնահերթութիւն տանք խաղաղութեան եւ կեղծիքի պարագային ճշմարտութիւնը յայտարարենք, ամէն բանի մէջ  գերակայենք ճանապարհներու բացումը, որպէսզի զգանք մեր զաւակներու եւ եղբայրներու պատկանելիութիւնը»  հրաւէր ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը  որ  ակնարկելով  Ռումանիային որպէս «Աստուածամօր պարտէզ», Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնեց Ռումանիայի երիտասարդներուն, ընտանիքներուն ու եկեղեցւոյ ապագան։

Ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած խօսքէն ետք  տեղի ունեցան զանազան լեզուներով հաւատացեալներու աղօթքներ, մինչ հանդիպումը աւարտեցաւ «Հայր մեր աղօթքով, ու երիտասարդներն ու ընտանիքները յանձնելով  Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանինն»։

Մարեմեան հանդիպումի աւարտին Սրբազան Պապը փոխադրուեցաւ Եաշըի միջազգային օդակայան վերադարձ կատարելու Պուխարեսթ վերջ տալով ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ յայտագիրին։

Մարեմեան Հանդիպում երիտասարդներու եւ ընտանիքներու մասնակցութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2019, 18:00