Որոնել

Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանց Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանց 

Քահանայապետի համաշխարհային աղօթքի ցանցը կը դառնայ 175 տարեկան:

Պապի համաշխարհային աղօթի ցանցը հիմնուած է 175 տարի առաջ խումբ մը նորընծաներու կողմէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

28- 29 յունիս 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ներկայութեամբ, Վատիկանի մէջ յատուկ եւ հանդիսաւոր արարողութեամբ կը նշուի «Պապի աղօթի միջազգային ցանց»ի հիմնադրութեան 175 ամեակը:

Յիշեալ ցանցը ճանչցուած է նաեւ իբրեւ «առաքելական աղօթք» հաստատութիւն՝ հիմնուած 3 դեկտեմբեր 1844-ին, ձեռամբ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Ֆրանչեսքօ Սավերիօ Կոթրելէին:

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 28 յունիս, 2019-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահէն ներս յատուկ արարողութեան ընթացքին կը նշուի նշեալ հաստատութեան 175 ամեակը հանդիսապետութեամբ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին եւ ներկայութեամբ աւելի քան 6000 հոգիներու՝ ժամանած աշխարհի չորս ծագերէն:

«Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանց»ի տնօրէն հայր Ֆրէտէրիք Ֆորնոս, Վատիկան Նիւզ-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ընդհանուր ակնարկ կատարելով համաշխարհային ցանցի պատմականին նշեց, թէ 175 տարի առաջ, խումբ մը նորընծաներ փափաք յայտնած էին Հնդկաստան երթալու, Յիսուսի պատգամը՝ Աւետարանը փոխանցելու չքաւորներուն եւ բարի կամք ունեցող մարդոց ՝ իբրեւ միսիոնարներ: Այս կատարելու համար նորընծաները ստիպուած էին իրենց ուսումը դադրեցնելու: Սակայն Նորընծաները ընդառաջելով իրենց մեծաւոր հօր խրատին, չդադրեցուցին իրենց քահանայական ուսումները եւ իրենց գտնուած վայրէն աղօթքի միջոցաւ իրենց զօրակցութիւնը սկսան ցուցաբերել արտասահմանի մէջ առաքելութեան մէջ գտնուող միսիոնարներուն, որոնք յանձնառու էին Յիսուս Քրիստոսի պատգամը տարածելու:

Կարճ ժամանակ մը ետք, նորընծաներուն փափաքը իրականանալէ ետք ծնունդ առաւ առաքելական աղօթքի դիտաւորութիւն հաստատութիւնը որ կարճ ժամանակամիջոցին աշխարհահռչակ դառձաւ ներգրաւելով նաեւ աշխարականները:

1900 թուականի սկիզբը, առաքելական աղօթքի հաստատութեան մաս կը կազմէին աւելի քան 13 միլիոն անձեր,  այժմ անոնք կը հաշուեն աւելի քան 35 միլիոն:

10 տարի առաջ, 2014-ին, առաքելական աղօթքի հաստատութիւնը կ՝ենթարկուի բարեփոխութիւններուն եւ վերահաստատուելով ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ կը դառնայ Պապի աղօթքի միջազգային ցանց հաստատութիւն:

Այդ օրէն սկսեալ, Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանցը ստանձնած է Քահանայապետի աղօթքի դիտաւորութեան տարածումի պարտականութիւնը՝ համայն աշխարհի մէջ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2019, 13:32