Որոնել

Նոր Հորիզոններ հասարակութեան հիմնադիր՝ Քիարա Ամիրանթէ Նոր Հորիզոններ հասարակութեան հիմնադիր՝ Քիարա Ամիրանթէ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը «Նոր Հորիզոններ» հասարակութեան։

Ոչ մէկը ձեզմէ ծնած է ամուրի մնալու՝ հոգեւոր իմաստով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 9 յունիսին Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը շնորհաւորեց «նոր հորիզոններ» հասարակութեան հիմնադրութեան 25-րդ տարեդարձը:

Ան պատգամին մէջ ըսաւ. «Ձեր տարեդարձին օրը, կը փափաքէի ձեր մէջ ներկայ գտնուիլ: Հաստատութեան մը կեանքի հինգ տարիները, մեզմէ յիշատակ եւ խոստում կը պահանջէ: Յիշեցէք Աստուծոյ կատարած բարիքները՝ ձեր հասարակութեան եւ ձեր կեանքին մէջ::

Երբեք պէտք չէ մոռնալ յիշատակել: Յիշատակի մէջ Աստուծոյ կը հանդիպինք, Աստուած, որ քեզ ընկերացաւ , քեզ աճեցուց ու կրեց:
Եւ կրնաս ապագային նայիլ որովհետեւ, կեանքը հոս վերջ չգտնէր:

Ոչ մէկ ձեզմէ ծնած է ամուրի մնալու՝ հոգեւոր իմաստով: Թերեւս՝ ձեզմէ շատեր պիտի չ՝ամուսնանան, սակայն պէտք է բեղուն ըլլալ եւ այս ուրախութիւնը իբրեւ բեղմնաւորութիւն ուրիշներուն փոխանցել: Յոյսի եւ յիշատակի բեղմնաւորութեան:» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա եզրափակեց իր պատգամը մաղթելով բոլորին՝ ամէն բարիք հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը բոլորին համար,  Ան ապա խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար եւ յորդորեց որ չկորսնցնեն զուարթամտութեան իմաստը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2019, 10:00